ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔԵՐ
Իսթանպուլի մէջ այս առաւօտ ապրուեցաւ զգայացունց դէպք մը։ Այսպէս, Սուլթանպէյլիի մէջ յարձակում գործուեցաւ ոստիկանատան մը վրայ։ Դէպքին հետեւանքով նահատակուեցաւ ոստիկան մը։
Իսթանպուլի մէջ այս առաւօտ ապրուեցաւ զգայացունց դէպք մը։ Այսպէս, Սուլթանպէյլիի մէջ յարձակում գործուեցաւ ոստիկանատան մը վրայ։ Դէպքին հետեւանքով նահատակուեցաւ ոստիկան մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Դամասկոսի Թեմի բարեջան Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան իր «Արեւելք» (www.arevelk.am) կայքին տուած հարցազրոյցին մէջ (6 Օգոստոս 2015) ըսած է, որ Դամասկոսի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը նոյնպէս վտանգաւոր է յառելով, որ քաղաքի սահմանային կրակագիծը կը գտնուի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կից:
Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի շինարարութեան աշխատանքները կը կաղան լրջօրէն:
Ազէրի մասնագէտ մը BBC-ին յայտնած է, որ ծրագրին նշանակութիւնը կը նուազի հետզհետէ:
Եւրոմիութեան գծով նախարար եւ աւագ բանագնաց Վոլքան Պոզքըր կը պատրաստուի այս շաբթուան տեւողութեան իրականացնել ուղեւորութիւն մը՝ Եւրոպայի մէջ բացատրելու համար Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչութեան դէմ ձեռնարկուած պայքարը եւ լուծման գործընթացին ուղղութեամբ անոր վճռակամութիւնը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, եւրոպական երկիրներէն ներս ունենալիք շփումներուն ընթացքին Վոլքան Պոզքըր երկխօսներուն տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ Թուրքիոյ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ ու պիտի մատնանշէ, թէ ահակեկչութեան դէմ ձեռնարկուած պայքարը չէ փոխած կառավարութեան վճռակամութիւնը՝ բարեփոխումներուն եւ լուծման գործընթացին ուղղութեամբ։
Շաբաթավերջին շարունակուեցան սուրիահայութեան մասին ահազանգային լուրերը:
Ջուրի նեղութիւն, ռմբակոծումներ, հաղորդակցութեան անկարելիութիւն եւ անորոշութիւն…
Ռուսաստանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ օդային արկած մը, որու զոհերու շարքին կը գտնուին հայեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Իսթրինսքի ջրամբարին մօտ ապրուեցաւ այս արկածը, որուն զոհ գնաց ինն հոգի։
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մայրավանքին՝ Զմմառի մէջ, երէկ, ապրուեցաւ յատկանշական օր մը։ Այսպէս, հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր Կաթողիկոս-Պատրիարք Գրիգոր-Պետրոս Ի.-ի գահակալութեան շքեղ արարողութիւնը։
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Կարելի է անվարան յայտարարել, թէ հակառակ զինք շրջապատող ահազանգային քաղաքականութեան, Լիբանանի մշակութային կեանքը յաջողապէս ինքզինք գերազանցեց այս եղանակին: Ամիսներ առաջ արդէն իսկ տոմսերու վաճառքը սպառած նկատուած համերգը յիրաւի արդարացուց ինքզինք, ապահովելով վեց հազար հանդիսատես որոնք ժամանած էին Լիբանանի զանազան շրջաններէ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան հիւրընկալեց իր թիւրքմեն պաշտօնակից Պերտիմուհամէտովը:
Թուրքիա եւ Թիւրքմենիստան կայուն թափով յառաջ կը տանին իրենց համագործակցութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Չորեքշաբթի, Օգոստոսի 5-ին, Ուաշինկթընի Ամերիկեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին խօսք առնելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա մանրամասնօրէն ներկայացուց Իրանի հետ կայացուած կորիզային համաձայնութեան տարբեր երեսակները: