ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԹՈՒԱԾԱՀԱՐ
Թուրքիոյ արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան քաղաքներուն մէջ զբօսաշրջութիւնը լրջօրէն կը տուժէ ահաբեկչական դէպքերուն հետեւանքով։ «Վաթան» օրաթերթի այսօրուան հաղորդումներով, Վան քաղաքին ալ այս ծիրին մէջ կը վիճակի էական բաժին։


Հայց. Առաքելական Եկեղեցին զգուշաւորութիւն եւ վերապահութիւն կը դրսեւորէ՝ անցեալի դաւանափոխներու շառաւիղները իր սուրբ աւազանին մէջ կնքելու ճանապարհին:
Ահմէտ Տավուտօղլու եւ Քեմալ Քըլըչտարօղլու պայմանաւորուեցան յաջորդ ժամադրութեան համար:
Կիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան երէկ տեսակցեցաւ Հայ-զուիցերական դրամատան (ArmSwissBank) ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս դրամատունը Շիրակի մարզէն ներս իրականացուելիք ներդրումներու ծիրին մէջ պիտի գանձատրէ գործարարներուն կողմէ ներկայացուած շարք մը ծրագրեր։
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆի Թուրքիա կատարելիք այցելութիւնը յետաձգուեցաւ։ «Րէօյթըրզ» գործակալութիւնը Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն հիման վրայ տեղեկացուց, թէ յայտնի չէ այս այցելութեան յետաձգման պատճառը ու կը պակսին տեղեկութիւնները նաեւ այն մասին, թէ ի՛նչ ժամկէտով յետաձգուած է այդ մէկը։