ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐ…
«ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու նեղ կազմով հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան սուր հարցեր, ըստ աւանդութեան, անկեղծ ձեւով»։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Իրադրութիւնը սրելու ուղղեալ Ատրպէյճանի փորձերը՝ միջազգային հանրութեան համարժէք հակազդեցութեան բացակայութեան պարագային յղի են ամբողջ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանի ապակայունացման»։
Տուշանպէի մէջ հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան գծով անհանգստութիւն յայտնուեցաւ կառոյցի պատասխանատուութեան գօտիէն ներս չկարգաւորուած հակամարտութիւններուն շուրջ եւ անթոյլատրելի համարուեցան նոր բաժանարար գիծերն ու փակ սահմանները։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը երէկ ձեռնարկեց իր 70-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն։ Տարեկան շրջափուլին մեկնարկը ազդարարեցին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Ման Քի Մուն եւ դանիացի դիւանագէտ Մոկենս Լիքէթոֆթ, որ անցեալ Յունիսին ընտրուած էր նախագահ։
Ռուսահայ յայտնի գործարար Լեւոն Հայրապետեան ազատուեցաւ տնային կալանքէ։ Շուրջ տարիէ մը ի վեր ան դատական որոշումով տնային կալանքի տակ կը գտնուէր «Պաշնէֆթ» ընկերութեան բաժնետոմսերու վերաբերեալ ապօրինութիւններուն շրջագծով իրեն վերագրուած պնդումներուն բերումով։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ երէկ ժամանեց Տուշանպէ, այսօր կը մասնակցի ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու գագաթաժողովին:
Արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու այսօր պաշտօնական այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Պաքու։ Երկօրեայ ուղեւորութեան ընթացքին ան ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։
ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդի անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցած վերջին ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Այս առթիւ ելոյթ մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Արման Կիրակոսեան, որ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփման գծին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանին երկայնքով վերջին շրջանին իրավիճակի սրման։