ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՎԱՐԴԱՆ ՍՐՄԱՔԷՇԸ
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հիւրընկալեց զուիցերահայ յայտնի գործարար ու բարերար, աշխարհահռչակ «Ֆրանք Միւլլէր» ընկերութեան նախագահ Վարդան Սրմաքէշը։ Ծանօթ է, որ այս վերջինը նախկին պոլսահայ մըն է ու միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի աւագ հիւպատոսը՝ Մարսէյլի մօտ։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցները նախընթաց օր Երեւանի մէջ այցելեցին Հանրապետութեան նախագահի ապարանքը։ Այս առթիւ անոնք հիւրընկալուեցան Նախագահական աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Մերի Յարութիւնեանի կողմէ։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ծրագրաւորման նախարար Ալի Սինտին, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Ողջունելով հիւրը՝ Յովիկ Աբրահամեան արտայայտեց այն համոզումը, թէ իր այցելութիւնը նոր թափ մը պիտի տայ Հայաստանի եւ Իրաքի, մասնաւորապէս Իրաքեան Քիւրտիստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման։

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուս երէկ շփումներ ունեցաւ Թեհրանի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆի կողմէ։ Այս առթիւ Լորան Ֆապիուս Հասան Ռուհանիին փոխանցեց Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հրաւէրը՝ Փարիզ այցելելու համար։