ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՄՆ-Ի ՄԻՋԵՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ
Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւններուն միջեւ կը քննարկուի առեւտուրի եւ ներդրումներու մասին շրջանակային համաձայնագիր մը, որ մշակուած է երկու երկիրներու միջեւ ներդրումային եւ գործարար նախաձեռնութիւններու աշխուժացման, առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով։