ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն, որ Քիեւի մէջ շփումներ ունեցաւ, երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Ուքրայնայի արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրօ Քուլեպայի հետ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն, որ Քիեւի մէջ շփումներ ունեցաւ, երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Ուքրայնայի արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրօ Քուլեպայի հետ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման ներկայ փուլը պսակուած է մեծ յաջողութեամբ։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը առաջին անգամ ունի պաշտօնապէս յստակեցուած սահմանը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ նոր սահմանագիծի մը ստեղծումը յղի պիտի ըլլայ մագլցումներու եւ ռազմական բախումներու յարատեւ ռիսքերու։
Ատիս Ապապայի մօտ Հայաստանի դեսպան Սահակ Սարգսեան նախընթաց օր պաշտօնապէս հաւատարմագրուեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի Ափրիկէի հարցերով տնտեսական յանձնաժողովի (UNECA) գործադիր քարտուղարութեան մօտ, որու հիւրընկալ երկիրն է Եթովպիան։
Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս առաւօտ հանդիպում մը ունեցան Պաքուի մէջ։
«Այս պայքարը ո՛չ թէ նիւթական ակնկալութեան, այլ հայրենիք ու պատիւ ունենալու համար է»:
Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան խորհրդակցեցաւ կարգ մը նախկին վարչապետներու հետ: Ընդդիմադիր շարժումը այսօր հանրահաւաք մը կը կազմակերպէ Ազատութեան հրապարակին վրայ՝ մինչ Օփերայի մէջ նախատեսուած է Փաշինեանի ելոյթը:
«Հայաստան անհամբեր կը սպասէ Եւրոմիութեան Խաղաղութեան հիմնադրամին ներառուելու որոշման»:
Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը համոզուած է, թէ ժամանակն է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի գործունէութիւնը դադրեցնելու:
Մոսկուա ողջունեց Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տեղի ունեցած վերջին՝ անցեալ շաբաթավերջի Ալմաթիի բանակցութիւնները։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
«Երբ կրօնը կը միանայ քաղաքականութեան հետ, կը ծնի հաւատաքննութիւնը», կը գրէր Ալպէր Քամիւ: Ընդհանուր առմամբ, համաձայն եմ: Միայն թէ պէտք է պարզել, որ ինչ կը հասկնանք «կրօն» ըսելով եւ ինչ կը նշանակէ «հաւատաքննութիւն»:
«Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժումը կը ջանայ հետեւողականութիւն ապահովել իր պայքարին համար:
Քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցերուն զուգահեռ՝ Տ. Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեան այցելեց ԵՊՀ:
LİBRA հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է «Varlık Vergisi: İtirazlar-Hatıralar-Hiciv Şiirleri ve Yazıları» գիրքը, որ եզակի գործ մըն է իր տեսակին մէջ՝ բովանդակութեան թէ՛ զանազանութեամբ եւ թէ սահմանումներով։