ՀԱՄԱՏԵՂՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳՈՎ
Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրին հիման վրայ՝ Եթովպիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Սահակ Սարգսեան համատեղութեան կարգով դեսպան նշանակուեցաւ նաեւ Քենիայի մէջ։ Դեսպան Սահակ Սարգսեանի նստավայրը պիտի շարունակէ մնալ Ատիս Ապապան։
Ֆրանսա ներգրուած է «Տաթեւի մեծ անապատ» վանական համալիրի վերականգնման ծրագրին։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին Ռիզէ այցելութեան ընթացքին ուշադրութիւն հրաւիրեց պաշտպանական արդիւնաբերութեան բնագաւառէն ներս Թուրքիոյ հասած կէտին վրայ։
Ուաշինկթըն Եւրոպայի եւ Ասիոյ անվտանգութիւնը կը խրախուսէ՝ զանոնք համարելով անբաժանելի:
Ֆրանսայի հիւրընկալմամբ երէկ սկսան ամառնային 33-րդ Ողիմպիականները։ Փարիզ փաստօրէն դարձած է համաշխարհային ժամադրավայր մը, ուր տեղի կ՚ունենան Ողիմպիականները։ Երէկ, նախ, ֆրանսական երկաթուղիի ցանցին դէմ կատարուած խափանարարութեան մասին լուրերը խոր մտահոգութիւն յառաջացուցին, սակայն, ապա այնպիսի պատկառազդու բացման արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ, որ ամէն ինչ մոռացութեան մատնեց։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ այս շրջանին տարեկան ամրան արձակուրդի մէջ կը գտնուի, աշխատանքային այցելութիւններ կու տայ երկրի զանազան մարզերը։ Այս ծիրէն ներս ան երէկ Արմաւիրի մարզին մէջ էր։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի իր պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Վիեթնամի մէջ, ուր երկու նախարարները կը մասնակցին Հարաւային Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած՝ անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնօ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։
Հայաստանի Ազգային գրադարանի երդիքին տակ գրական հաւաքոյթ եւ ցուցահանդէսի բացում: