ՄԱՐԹԻՆ ՇՈՒԼՑԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՅՑԸ

Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի երկրի ղեկավարութեան կողմէ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի առընթեր ան կը մէկտեղ-ւի պետական աւագանիէն զանազան դէմքերու հետ։



Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Թեհրան, ուր բանակցութիւններ կը վարէ Իրանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ։ Թուրքիա-Իրան բարձր մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդի երկրորդ ժողովը տեղի կ՚ունենայ Թեհրանի մէջ։

