ՊՐԱՍԷՕՐԻ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ
Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Անն Պրասէօր երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր օրուան ընթացքին մէկտեղուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Անն Պրասէօր Երեւանի մէջ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման միակ ուղին կը համարուի երկխօսութիւնը։



Հայաշխարհի ուշադրութիւնը այս շաբաթավերջին կեդրոնացած է Վատիկանի վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի աւագ խորհրդական Էթիէն Մահչուպեան երէկ երեկոյեան յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ «CNN Türk» հեռուստակայանէն։ Հեռուստահաղորդավար Շիրին Փայզընի հարցումներուն պատասխանելով՝ Էթիէն Մահչուպեան մեկնաբանութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի շարք մը հրատապ խնդիրներուն շուրջ։ Այս շրջագծով ան անդրադարձաւ հայկական հարցին, նաեւ հայաշխարհի տեսանկիւնէն հետաքրքրական իրադարձութիւններու։