ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՍԱՅՄԸՆ ՄՈՐՏԻՈՒԻ ՀԵՏ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան եւ անոր Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին, Պրիւքսէլի մէջ ունեցաւ նաեւ կարեւոր երկկողմանի հանդիպումներ։