ԱՅՍՕՐ՝ 23 ԱՊՐԻԼ…
Ազգային գերիշխանութեան եւ մանկանց տօնին առթիւ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ մեծ ոգեւորութիւն: Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը տիրէ մեծ ոգեւորութիւն։ 23 ապրիլի Ազգային գերիշխանութեան եւ մանկանց տօնը եկած է մեծ խանդավառութեամբ համակել երկիրը՝ մինչ կը նշուի նաեւ Ազգային մեծ ժողովի հիմնադրութեան 104-րդ տարեդարձը։
Թուրքիա-Իրաք համագործակցութիւնը կ՚ընթանայ ՓՔՔ-ի գոյութեան վերջ տալու առաջնահերթութեամբ:
Քլաար Հայաստանի ղեկավարութեան հետ հերթական անգամ աչքէ անցուց տարածաշրջանի իրավիճակը:
Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում՝ բաւական ծաւալուն օրակարգով:
Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Փաքիստան։ Իսլամապատի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ ընդունուելով Փաքիստանի նախագահ Ասիֆ Ալի Զարտարի եւ վարչապետ Շահպազ Շերիֆի կողմէ։
Գերմանիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայէր այս օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Ուղեւորութեան Անգարայի պաշտօնական փուլի սկսելէն առաջ, երէկ, Շթայնմայէր շփումներ ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ։ Այս ծիրէն ներս ան այցելեց Սիրքեճիի պատմական կայարանը, ուր շրջայց մը կատարեց՝ պատմաբան փրոֆ. Իլպէր Օրթայլըի ուղեկցութեամբ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Սպանիոյ Փալմա քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու խորհրդարանի նախագահներու հաւաքին։ Հայաստան առաջին անգամ ընդգրկուեցաւ այս հարթակին, որու նպատակն է Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ կարծիքի փոխանակումներու հարթակ մը ձեւաւորել։
Հանիյէն եւ Շիւքրին հիւրընկալելէ վերջ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան կ՚այցելէ Իրաք:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի՝ կան ուժեր, որոնք չեն ուզեր Երեւանի ինքնիշխանութեան զարգացումը:
Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ պատանդ առնուած Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, որ ներկայիս Պաքուի մէջ բանտարկուած է, շաբաթավերջին իր ընտանիքին միջոցաւ փոխանցեց վճռական պատգամներ։ Ռուբէն Վարդանեան, որ միեւնոյն ժամանակ յայտնի գործարար ու բարերար մըն է, նաեւ ազդու հասարակական գործիչ մը, ներկայիս հացադուլի սկսած է։