Ո՞Վ ԲԵՐԱՒ ՆԻԿՈԼԸ
2018 թուականէն ի վեր կը հնչէ այն հարցը, թէ ո՞վ իշխանութեան գլուխ բերաւ Նիկոլ Փաշինեանը։ Եթէ մինչեւ 2020 այդ հարցը կը բարձրաձայնուէր՝ հասկնալու համար, թէ Հայաստանի մէջ ի՞նչ գործընթաց սկսած է եւ ինչի՞ կը սպասուի յետագային, ապա 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն եւ, յատկապէս, Արցախը ամբողջովին հայազրկելէ յետոյ հարցը հնչեց առաւել սպառնալից շեշտադրմամբ։
Պիւյիւքտէրէի Սանթա Մարիա իտալական եկեղեցւոյ մէջ հաւատացեալ մը զոհ զինեալ յարձակման:
Հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպել մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 85-ամեակին առթիւ շաբաթավերջին յոբելենական համերգ մը տեղի ունեցաւ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։ Մեծանուն վարպետը թէեւ պատուոյ օթեակէն հետեւեցաւ ձեռնարկին, սակայն լեփլեցուն դահլիճի արուեստասէրներուն իրեն նկատմամբ համակրանքն ու յարգանքը կը թեւածէր ամէնուրեք եւ ան արդար հպարտութեամբ հաղորդ դարձաւ այդ բոլորին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգերու պետական քարտուղարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտ շաբաթավերջին այցելեց Անգարա, ուր հիւրընկալուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողմէ։ Այս այցելութիւնը զուգադիպեցաւ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ստեղծուած նոր իրավիճակին, ինչ որ պայմանաւորուած է Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան եւ «Ֆ-16»ներու գործարքին նման կնճռոտ հարցերու յաղթահարումով։
Իպրահիմ Քալըն անցեալ շաբթուան Պաղտատի շփումներէն վերջ այցելութիւն մըն ալ տուաւ Էրպիլ:
Հայաստանի մէջ կառավարութիւնը կրթութեան ոլորտէն ներս այս շրջանին կը դիմէ շարք մը նոր քայլերու, որոնք հանրային կարծիքին մօտ կ՚ընկալուին լուրջ տարակուսանքով։ Այսպէս, դպրոցներու մէջ «Հայոց պատմութիւն» դասը կը վերածուի «Հայաստանի պատմութեան»։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Կը յուսամ՝ Ատրպէյճանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններէն վերջ բանակցային գործընթացը լիարժէք ծաւալ կը ստանայ»:
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը հանդէս պիտի գայ յոբելենական համերգով մը՝ մեծարելու համար վարպետը:
Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ կարեւոր բանակցութիւններ՝ Իսթինիէի ապառանքի երդիքին տակ: