ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստան-Անգլիա մշակութային համագործակցութիւնը յառաջիկային պիտի նշանաւորուի վառ նախաձեռնութիւնով մը։ Այսպէս, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի եւ Բրիտանական թանգարանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի Երեւանի մէջ ցուցադրուի Անահիտ դիցուհիի արձանը։
Երուսաղէմի օտարերկրեայ դիւանագէտները իրերայաջորդ կ՚այցելեն Ս. Յակոբեանց հայոց վանքը:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ուղեւորութեան ձեռնարկած է Պալքանեան երկիրներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած «Հայ ազգային քոնկրէս» կուսակցութիւնը վերջերս մտահոգութեամբ արձագանգեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ երկրի Սահմանադրութիւնը փոխելու վերաբերեալ յայտարարութեան։
Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեան վերանշանակուեցաւ իր պաշտօնին։ Վերջերս աւարտած էր պայմանագիրով սահմանուած իր պաշտօնավարութեան ժամկէտը։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներուն հերթական հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ այսօր։ Սա կը հանդիսանայ իր տեսակին մէջ 6-րդ շփումը։
Գիտութեան եւ թեքնոլոժիներու ներկայ ժամանակներուն երէկ դարակազմիկ իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Արհեստական բանականութեան հեռանկարներուն զուգահեռ՝ երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ էր մարդկային ուղեղին միջամտելու նիւթը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Մարսէյլի մէջ մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ կրթական մշակ եւ ֆրանսահայ վաստակաշատ համայնքային գործիչ Անի Յովսէփեան, որու կորուստը խոր սուգի մատնած է իր ընտանիքն ու սիրելիներու շրջանակը։
Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի բանակցային գործընթացէն ներս յետընթաց: