«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԻՍՏԸ
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի հերթական նիստը։ Սա 33-րդ ժողովն էր, որուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը։