«STRATFOR»Ի ԿՈՂՄԷ ԶԵԿՈՅՑ
«Stratfor» հեղինակաւոր վերլուծական կեդրոնը վերջերս գնահատական մը հրապարակեց՝ Ատրպէյճանի Հայաստան ներխուժելու հաւանականութեան շուրջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, առաւել հաւանական նկատուած են փոքրածաւալ ներխուժումները։
Վիլնիուսի համալսարանէն ներս հաստատուեցաւ «Կարապետ Պապայեան» հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կրթական հիմնադրամը։ Երէկ համալսարանի վերատեսուչն ու հիմնադրամի հիմնադիրը կնքեցին համապատասխան համաձայնագիրը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական փայլուն տօնակատարութիւնները շաբաթավերջին ստեղծեցին աննախընթաց մթնոլորտ:
«Արաս» հրատարակչութիւնը, որ կը նշէ իր հիմնադրութեան 30-ամեակը, այս տարի Իսթանպուլի գիրքի տօնավաճառին մասնակցութիւն կը բերէ արդէն այս յոբելենական շրջանին։
Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը բովանդակ երկրին մէջ կը նշուի համատարած խանդավառութեամբ: Ամբողջ Թուրքիան համակուած՝ դարադարձի բարձր տրամադրութեամբ եւ ազգային անխախտ միասնականութեան ու համախմբման վերանորոգ գիտակցութեամբ:
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան հաւանական կը նկատէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մէջ մօտաւոր ապագային դրական տեղաշարժը։
Թիֆլիզի մէջ, Վրաստանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած «Մետաքսի ճանապարհ» միջազգային ֆորումը առիթ հանդիսացաւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ նոր շփումի մը։ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի միջնորդութեամբ մէկտեղուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով, որոնք մասնակցեցան վերոյիշեալ ֆորումին եւ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։
Արցախէն բռնի տարհանուածներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները միշտ խոշորացոյցի տակ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հրաւէրով՝ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթօ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։