ԹԵՀՐԱՆԷՆ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀՐԱՒԷՐ
Չինաստանի միջնորդութեամբ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ապահովուած ձիւնահալը հետզհետէ կը զարգանայ դիւանագիտական գետնի վրայ։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Թեհրան-Ռիատ մերձեցման լոյսին տակ Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորը երկիր հրաւիրուած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Նիկոլ Փաշինեան. «Կը յուսամ, թէ յառաջիկային Թուրքիա-Հայաստան սահմանը իրօք կը բացուի եւ հիմք կը ստեղծուի բնական յարաբերութիւններու զարգացման համար»:
«Yolcu» թատերախումբին եւ Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ համատեղ ջանքերով բեմադրուած «Կոմիտաս» ներկայացումներու շարքը կը շարունակէ գեղարուեստական աշխարհէ ներս բարձր գնահատանքի արժանի դառնալ։
Պաքուի ղեկավարութիւնը այս օրերուն կը հիւրընկալէ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհէնը, որ եռօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Ատրպէյճան։ Էլի Քոհէն այս շրջանակին մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը հաւանութիւն տուաւ՝ Թուրքիոյ ռազմաօդային զօրքերու «Ֆ-16» ռազմաօդանաւերուն համար պահանջուած արդիականացման քիթերու մասնակի վաճառքին համար։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ վաստակաշատ կրթական մշակ եւ հեղինակ Լեռնա Գարագիւթիւք հրատարակած է երկու նոր գիրքեր, որոնք կը կոչուին «Շուշանիկը եւ Պոչիկը» եւ «Ձայներ»։ Երկու գիրքերն ալ տպագրութեան պատրաստուած են «Mat Yapım» հրատարակչատան կողմէ։
Ուաշինկթընէն բարձրաստիճան դիւանագէտներ իրերայաջորդ շփումներ կ՚ունենան Երեւանի եւ Պաքուի մէջ:
Երեւանի մէջ այս օրերուն կ՚ընթանայ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան առաջնութիւնը։ Հայաստանի տանտիրութեամբ, Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս տեղի կ՚ունենայ մրցաշարքը։
Կրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեան կարճ կեցութեան ընթացքին հիւրընկալուեցաւ Առնօ Կարապետեանի կողմէ: