ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑՈՒՄ ՄՕՏԱՒՈՐ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՉԻ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻՐ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան բացումը մօտաւոր ապագային օրակարգի վրայ չի գտնուիր, սակայն երկու երկիրները կ՚աշխատին սահմանային անցակէտերու բացման ուղղութեամբ։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի Թեհրան կատարած այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի կողմէ հիւրընկալուած էր Արմէն Գրիգորեան։
INALCO-ի հայերէնի դասախօս Մելանի Քլըճեանի շահեկան արժեւորումներն ու դիտարկումները:
14 մայիսին նախատեսուած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, երէկ, արդէն քաղաքական ուժերուն կողմէ թեկնածուական ցուցակները վերջնականօրէն ներկայացուեցան Բարձրագոյն ընտրական մարմնին։ Նախագահական թեկնածուները, ըստ էութեան, արդէն յայտնի են՝ քանի անհատական հիմունքի վրայ են։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Թեհրան, ընդունուեցաւ Իրանի Անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի կողմէ։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հրաւէրին ընդառաջ՝ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ։ Հիւր նախարարին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցելութեամբ երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Թուրքիա։
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ երէկ Փեքինի մէջ հիւրընկալեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնն ու Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնը։ Շի Ծինփինկ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի հետ թէ՛ ունեցաւ առանձնազրոյցներ եւ թէ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ եռակողմանի ձեւաչափով։
Փեքինի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ Թեհրան-Ռիատ առանցքին վրայ դրական իրադարձութիւններ ապահովել, ինչ որ Մերձաւոր Արեւելքի եւ համաշխարհային քաղաքականութեան հաւասարակշռութիւնները կը ձեւաւորէ։