ՍԵԼՄԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՌԻԱՏ ՀՐԱՒԻՐԵՑ ՌԱՅԻՍԻՆ
Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը այս շրջանին առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ միջազգային բեմահարթակին վրայ։ Այդ համաձայնութեան զուգահեռ՝ Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորը Ռիատ այցելել հրաւիրեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Փաշինեան հեռաձայնով զրուցեց Պլինքընի հետ, Միրզոյեան Մոսկուայի մէջ ընդունուեցաւ Լաւրովի կողմէ:
Նախարարներ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Նիքոս Տենտիաս երէկ հանդիպում մը ունեցան Պրիւքսելի մէջ:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը։ Պետական այցելութիւն մըն է այս մէկը, որու ծրագիրը կեանքի կը կոչուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ գործադրուած արարողակարգով։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կ՚ընդունուի Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։
Չավուշօղլու Շիւքրիի հետ հանդիպման զուգահեռ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ապտուլլահիանի հետ՝ անդրադառնալով Իրան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն:
Ատրպէյճան կը պահանջէ, որ Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղը ճանչնայ՝ որպէս իր տարածքին մասը:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Զրոյցի ընթացքին նախարարները անդրադարձան Հարաւային Կովկասի իրադրութեան՝ ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկելով տարածաշրջանի կացութիւնը։
Թրքական պետութիւններու անդամ երկիրներու ղեկավարներուն արտահերթ հաւաքը երէկ տեղի ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ: