ՍԱՀՄՌԿԵՑՈՒՑԻՉ
Իսթիքլալ պողոտային վրայ երէկ տեղի ունեցաւ ահաւոր պայթում մը, որ խլեց 6 մարդու կեանք, կայ 81 վիրաւոր:
Ռումբը թողած անձը արդէն հսկողութեան տակ: Նախագահ Էրտողան վճռակամ ազդարարութիւններով յայտարարեց, որ դէպքը պիտի բացայայտուի:
Պէյօղլուի ցնցիչ իրադարձութեան բերումով համայն աշխարհ կը զօրակցի Թուրքիոյ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով: