ՆԻՒ ՏԵԼՀԻԻ ՄԷՋ ԵՐԿԱՐ ԱՏԵՆ ՎԵՐՋ ՇՓՈՒՄ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հանդիպում մը ունեցան Նիւ Տելհիի մէջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հանդիպում մը ունեցան Նիւ Տելհիի մէջ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի շրջանի պոլսահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։
Լիբանանահայ յայտնի մտաւորական եւ երախտաշատ կրթական մշակ Ժիրայր Դանիէլեան վերջերս ոգեկոչուեցաւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ։ Հոգելոյս Ժիրայր Դանիէլեան թէեւ լիբանանահայ մտաւորական մըն էր, սակայն, իր ներդրումը արդէն դարձած էր համահայկական եւ ան բառին բուն իմաստով սփիւռքեան արժէք մըն էր։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Արդարադատութեան միջազգային ատեանը վճիռ արձակեց ի նպաստ Հայաստանի՝ Ատրպէյճանէն պահանջելով, որ ապահովէ Բերձորի միջանցքով ազատ երթեւեկը։ Սակայն, հակառակ այդ վճռին, արդէն աւելի քան շաբաթ մըն է, որ միջանցքը տակաւին փակ կը մնայ։
Մինչ Լաչինի միջանցքը կը շարունակէ փակ մնալ եւ Արցախը՝ պաշարուած, երէկ, ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր շփում մը։ Այսպէս, Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան միջնորդութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ։
Մեծն քսանեակի (G-20) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը՝ Նիւ Տելհիի մէջ:
Թուրքիա եւ Ռուսաստան Սուրիոյ ապագային վերաբերեալ ջանքերու շրջանակէն ներս միշտ նկատի կ՚ունենան ահաբեկչութեան սպառնալիքի վերացումը: Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Սերկէյ Լաւրով համակարծիք՝ համատեղ ջանքերը աւելցնելու ուղղութեամբ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Պերլինի մէջ, ուր կը գտնուի երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան այսօր կը հիւրընկալուի Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի կողմէ։
Յունաստանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ սարսափելի արկած մը, որ խլեց 43 զոհ։ Այսպէս, դէպքը կը վերաբերի երկու գնացքներու բախման։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս նորահաստատ ծխական համայնք մը:
Վարչական խորհուրդը թափով յառաջ կը տանի վերանորոգութիւնը նոր սրբավայրին, որ պիտի կոչուի Ս. Ներսէս Շնորհալի երանաշնորհ հայրապետին անունով՝ մինչ հանգանակութիւն մըն ալ կազմակերպուած է այս ծրագիրը ի կատար ածելու նպատակով:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Միջազգային դատարանի միջանկեալ որոշումը՝ Պաքուն պարտաւորեցնելու Բերձորի միջանցքով քաղաքացիներու եւ բեռներու երկու ուղղութեամբ ազատ տեղաշարժը ապահովելու համար, կարելի է իրաւական հարթութեան վրայ առաւել նկատել հայկական կողմին տեսակէտէ։