Լրահոս

ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան նախընթաց օր Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին, որ երկրաշարժին յաջորդած իրավիճակին մէջ զօրակցութեան այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս նախագահ Էրտողան պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորեց վրացի վարչապետը։

ԱՆՑԱԿԷՏԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները վերջին օրերուն «Սփութնիք Արմենիա» գործակալութեան հաղորդումներ ըրին Թուրքիոյ հետ ցամաքային սահմանի կացութեան վերաբերեալ։ Այսպէս, կը հաղորդուի, որ Թուրքիոյ հետ սահմանին գտնուող կամուրջներն ու ճանապարհները ենթակայ են շահագործման։

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻ ԵՒ ԱՆԹՈՆԻՕ ԿՈՒԹԵՐԵՍԻ ՀԵՏ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Երկու զրոյցներուն ընթացքին ալ առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախէ ներս ստեղծուած իրավիճակը։

«ԹՐԱՆՍ-ԿՈՎԿԱՍ»Ը՝ ՓՈԽԱՆ «3+3»Ի

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հրապարակած «Թրանս-Կովկաս»ի նախագիծը կը թուի, որ Անգարայի նոր նախաձեռնութիւնն է: Անդրադառնալով տարածաշրջանին մէջ հեռահաղորդակցութիւններու զարգացման հարցերուն՝ Չավուշօղլու նշած է, որ Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Վրաստանը եւ Իրանը եռակողմանի եւ քառակողմանի ձեւաչափերով կ՚աշխատին օգտագործել այդ կարելիութիւնները:

ԼԱՒՐՈՎ ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՄԵԿՆԻ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը նախատեսէ այցելել Պաքու, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ ռուս նախարարին պաշտօնական այցելութիւնը տեղի ունենայ փետրուարի 27-28-ին։

«ՊԱՔՈՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԱԾ Է ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՀԵՏ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆՕՐԷՆ ՏԵՍԱՆԵԼԻ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հետ միջազգայնօրէն տեսանելի երկխօսութիւն հաստատէ։

Էջեր