Լրահոս

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։ Վերջին օրերուն ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեկնած էր՝ մաս կազմելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութեան, որ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 77-րդ նստաշրջանի բացման փուլին։

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Նիւ Եորքի մէջ վերջերս ոգեկոչուեցաւ ամերիկահայ բարեյիշատակ ազգային գործիչ տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի՝ մահուան երկրորդ տարելիցին առթիւ։

ԾԱՅՐԱՅԵՂ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Ատրպէյճանի լայնածաւալ բռնութեան հետեւանքով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները կը մնան բռնագրաւուած:
Նիւ Եորքի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան բազմակողմանի շփումներ կ՚ունենան ՄԱԿ-էն ներս:

ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԴ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Նորէն Ատրպէյճանի կողմէ ծանր յարձակում գործուեցաւ՝ այս անգամ Հայաստանի ինքնիշխան սահմաններուն վրայ, թիրախ առնելով ե՛ւ սահմանապահ դիրքերը ե՛ւ խաղաղ բնակավայրերը։ Պաշտօնական տուեալներով՝ կան բազմաթիւ զոհեր, վիրաւորներ, նիւթական բազմաթիւ վնասներ եւ քանդուած ենթակառոյցներ։

ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՕՐԵՐՈՒՆ ԿՐՆԱՆ ՏԵՍԱԿՑԻԼ ՓՐԱԿԻ ՄԷՋ

Անգարայի եւ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ յայտարարութիւններ ըրին Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեսակցութեան մը հաւանականութեան մասին։ Նախագահ Էրտողան երէկ աւարտեց իր այցելութիւնը դէպի Նիւ Եորք, ուր մեկնած էր մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նոր՝ 77-րդ նստաշրջանի բացման։

ԿԱՐՃ ՊՏՈՅՏ ՄԸ ՔԱՂԱՔԱՄԱՅՐԻՆ ՄԷՋ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւանի փողոցներուն մէջ տակաւին երէկ ծաղկուն երեւոյթ մը հագած կեանքը այսօր նօսրացած է։ Պատճառն է, անշուշտ, վերջին օրերու պատերազմական գործողութիւնները, որոնք քիչ մըն ալ մոխրագոյն երանգ մը տուին Երեւանին։

ՄԱԿ-Ի ԱՄՊԻՈՆԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ

«Միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն եւ սկզբունքներուն համապատասխան՝ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը պէտք է դուրս բերուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն»:
Փաշինեան տարածաշրջանային կայունութեան վճռորոշ գործօն կը համարէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումը. «9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի յայտարարութեան մէջ նշուած է միայն մէկ միջանցքի մասին եւ այդ մէկը Լաչինի միջանցքն է։ Այնտեղ ոչինչ կայ արտատարածքայնութեան մասին։ Պաքուի նպատակն է նոր տագնապ ստեղծել՝ որպէս պատրուակ նոր տարածքային պահանջի»:

ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ՆՈՐ ԲԱԽՈՒՄ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ միշտ տեղի կ՚ունենան հրադադարի խախտումներ եւ կը շարունակուի լարուածութիւնը։ Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն՝ 07.40-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացին հայկական դիրքերուն վրայ։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ

Երէկ երեկոյեան, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրով, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը։ Այսպէս, Նորին Սրբութեան հրաւէրին ընդառաջ կազմակերպուած հանդիպման մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան եւ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան։

Էջեր