Լրահոս

ՊԱՊԻԿԵԱՆ. «ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԽԵԱԼ ՉԷ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԿԱՄ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԷՆ»

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութիւնը պայմանաւորուած չէ միայն Երեւանով եւ Պաքուով։

ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԻՋԵՒ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ ՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԵՑԱՒ

Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները, որոնք վերջին տարիներուն զգալի յառաջընթաց ապրեցան, երէկ նոր հարթութիւն մը թեւակոխեցին։ Այսպէս, Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ստորագրուեցաւ ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթ մը։

ԽԱԽԱՄԱՊԵՏԻՆ ՄԱՀԸ

Թուրքիոյ հրեայ համայնքը կը սգայ իր ութսունհինգամեայ հոգեւոր առաջնորդին տխուր կորուստը:
Ռաւ Իսհաք Հալեւա տասնամեակներու ծառայութեան տեւողութեան ճանչցուած էր՝ որպէս ժողովրդական մարդ: Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան փոխանցեց վշտակցութիւնները: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցաւակցական մը ուղարկեց րաբունապետարան:

ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ ներս, Գալիֆորնիոյ մէջ ծագած հրդեհները կը շարունակեն միջազգային անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Ստեղծուած ծանր իրավիճակին արձագանգեց նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակած գրառման մէջ համերաշխութիւն յայտնեց Գալիֆորնիա նահանգի անտառային հրդեհներէն տուժածներուն՝ ներառեալ տեղւոյն բնակիչ ամերիկահայերուն։

Էջեր