ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՄՆ-Ի ՄԻՋԵՒ ՆՈՐ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա այս շրջանին հետեւողականօրէն շփման մէջ կը մնան՝ համաշխարհային անվտանգութեան օրակարգի առանցքային խնդիրներուն շուրջ։ Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ ներկայացուցիչ Սթիվ Ուիթքոֆ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ ներկայացուցիչ Քիրիլ Տիմիթրիեւ հանդիպում մը ունեցան Ուաշինկթընի մէջ։