ԴԵՍՊԱՆ ՍԵՐՏԱՐ ՔԸԼԸՉ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏ
Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Սերտար Քըլըչ ներկայ շաբթուան սկիզբին հանդիպում մը ունեցաւ Անգարայի մօտ Վրաստանի դեսպան Կէորկի Ճանճկավայի հետ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու նպատակով կը քննարկուի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դիտորդները օգտագործելու հնարաւորութիւնը։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումներուն արձագանգները կը շարունակուին։ Ստեղծուած ծանր հետեւանքներու մթնոլորտին մէջ Հայաստանի պատկան մարմինները կազմակերպեցին ուղեւորութիւն մը, որպէսզի Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններն ու միջազգային կազմակերպութիւններու առաքելութիւններու պատուիրակութիւնները այցելեն այն սահմանամերձ շրջանները, որոնք Ատրպէյճանի յարձակումներուն հետեւանքով տուժած են լրջօրէն։
Վերլուծաբան Տը Վաալի կանխատեսումը. «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի գլխուն աւելի փոթորկուն ամպեր կը կուտակուին»:
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը թէեւ յատուկ ներկայացուցիչներու շփումներու իմաստով որոշ չափով թափը կորսնցուցած ըլլալ կը թուի, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, այս ամբողջին մէջ գագաթնային շփում մը կը նախատեսուի։ Միջոցէ մը ի վեր օրակարգի վրայ է Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպման հաւանականութիւնը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այս կիրակի՝ հոկտեմբերի 2-ին հանդիպում մը պիտի ունենան Ժընեւի մէջ։
Հնդկաստան Հայաստանին պիտի տայ հրթիռային համակարգեր, ռատարներ եւ հակահրասայլային հրթիռներ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ջանքերով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի նախկին նախագահներու հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։
Գիտական ուշագրաւ հետազօտութեան արդիւնքի ամփոփում. «Ի՞նչ կը մտածէ սփիւռքը 21-րդ դարուն»:
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը վերահաստատեց Ատրպէյճանի ի նպաստ ամուր զօրակցութիւնը: