Լրահոս

«ԵՐԵՒԱՆՆ ՈՒ ՊԱՔՈՒՆ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՆ ՓՈԽԿԱՊԱԿՑՈՒԱԾ ՉՈՐՍ ՕՐԱԿԱՐԳ»

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան «Ամերիկայի ձայն»ին հարցազրոյց մը տուաւ Ուաշինկթընի մէջ, Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւի հետ Սպիտակ տան երդիքին տակ նախընթաց օր ունեցած հանդիպման մասին, որ կազմակերպուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվընի միջնորդութեամբ։

ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ԿՈՂՄԷ ՔԱՅԼ

Ճէյք Սալըվընի նախաձեռնութեամբ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արմէն Գրիգորեանի եւ Հիքմէթ Հաճիեւի միջեւ:
Շեշտուեցաւ բռնութիւններէ խուսափելու եւ յստակ ժամանակահատուածով կեդրոնացեալ բանակցութիւններու անցնելու կարեւորութիւնը:

«ՔԱՐՏԷՍՆԵՐԸ ՎԵՐԱՆԱՅԵԼՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՁԱԽՈՂԻ»

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասը, որ ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՌԱՒԵԼԱՊԱՇՏ ՆԿՐՏՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ 44-օրեայ պատերազմի երկրորդ տարելիցին առթիւ։ Երեւանի ղեկավարութիւնը ընդգծեց, որ Պաքու այսօր ալ կը փորձէ կեանքի կոչել իր առաւելապաշտ նկրտումները։

ԱՌԱՋԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄԸ

Հայաստանի Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ երկրի Հանրային հեռուստատեսութեան։ Այսօր արդէն 44-օրեայ պատերազմի սկիզբի երկրորդ տարելիցն է, որու ընդառաջ հրապարակուեցաւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի բացառիկ հարցազրոյցը։

ՏԵՆՏԻԱՍԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը ժամանէ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Երկու նախարարները կ՚ունենան առանձնազրոյց մը եւ կը գլխաւորեն պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։

ՎՈԼՈՏԻՆԻ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԱՅՑԸ

Ռուսաստանի Պետական տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին դէպի Պաքու այցելութեան ծիրէն ներս երէկ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Վոլոտին Պաքուի մէջ մէկտեղուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի խորհրդարանի ղեկավարութեան հետ։

Էջեր