Լրահոս

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երեւանի Նորարար փորձարական արուեստի կեդրոնէն ներս երէկ բացուեցաւ՝ «Հրանդ Տինք. Հոս եւ հիմա» անուանումով ցուցահանդէս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հրանդ Տինքի նահատակութեան 15-րդ տարելիցին առթիւ պատրաստուած, իր կեանքը, գործունէութիւնն ու պայքարը ներկայացնող ցուցահանդէս մըն է այս մէկը։

ՆԱԹՕ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԽՏԱՑՈՒՄ

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Միրչա Ճէոանէ յայտարարեց, որ մօտակայ շաբաթներուն Ուքրայնայի պատերազմը վճռական փուլ կը թեւակոխէ։ «Մենք կ՚ակնկալենք, որ յառաջիկայ շաբաթները վճռորոշ կ՚ըլլան, նոյնիսկ եթէ պատերազմը աւելի երկար տեւէ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ դաշինքը չ՚ենթադրեր, որ պատերազմը պիտի սրուի եւ ինքն ալ պիտի ներգրաւուի հակամարտութեան։

ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Պայտընի նախագահ ընտրուելէն ետք, ԱՄՆ-Հայաստան ռազմավարական երկխօսութիւնը աշխուժացաւ։ Ցեղասպանութեան ճանաչման յաջորդեց վարչապետ Փաշինեանի մասնակցութիւնը նախագահ Պայտընի կազմակերպած Ժողովրդարութեան վեհաժողովին։

ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Երեւանի մէջ «Հրաչեայ Ղափլանեան» պետական տրամաթիք թատրոնէն ներս երէկ բեմադրուեցաւ «Չուչել» ներկայացումը։ Խաղը պատրաստուած է Վլատիմիր Ժելեզնիքովի «Խրտուիլակը» վէպի հիման վրայ։ Ներկայացման բեմադրիչն է Գրիգոր Խաչատրեան։

«ՊԱՅՔԱՐ»Ի ՄԷՋ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ

Ամերիկահայ «Պայքար» շաբաթաթերթը վերջին թիւին մէջ անդրադարձաւ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած՝ Թորոս Ազատեանի «Դէպի Էջմիածին. Երթուդարձի նօթեր» գիրքին։ Հայաստանի հեղինակաւոր մտաւորականներէն Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան գրախօսական մը ստորագրած է՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարի պատասխանատու, բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի կողմէ հրատարակութեան պատրաստուած գիրքին մասին։

ԳԱՒԱՌԻ ՄԷՋ ԵՌՈՒԶԵՌ

Թրքահայութեան ուշադրութիւնը այս շաբաթավերջին կեդրոնացած՝ Տիարպաքըրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւններուն վրայ, որոնց մասնակցութիւն կը բերեն նաեւ պետական աւագանիէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ:
Կիրակի պատարագելէ վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յառաջիկայ շաբթուան կէսին պիտի վերադառնայ իր Աթոռը:

«ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐՈՒ ՀԻՄԱՆ ՎՐԱՅ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍԿՍԻԼԸ ՕՐԻՆԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ Է»

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու յստակեցման հարցերով երկկողմանի յանձնաժողովին վերաբերեալ քննարկումները կը շարունակուին։

Էջեր