Լրահոս

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ. ՏԱԿԱՒԻՆ Կ՚ԱՊՐԻՆՔ

Մեր աշխատակից Վարանդ Քորթմոսեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Երէկ երեկոյեան, Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Ծիծաղելի է, բայց փաստ է իրաւ» համերգը՝ կատարողութեամբ Վահան Արծրունիի՝ կատարում եւ կիթառ, Նելլի Մանուկեանի՝ ֆլուտա եւ համերագային ծրագիրին յատուկ հիւր՝ դաշնակահար Մատաթ Աւանեսովի:

ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ԸՆԴԱՌԱՋ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յառաջիկայ շրջանին պիտի մէկտեղուի Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սաիտ Խաթիպզատէ տեղեկացուց, որ եռակողմանի հանդիպումը նախատեսուած է Թեհրանի մէջ։

ԲԵՌՆԱՓՈԽԱԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐ

Դէպի Հնդկաստան աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այցելեց Մումպայ, որ կը համարուի այդ երկրի ելմտական կեդրոնը։ Ան այց մը կատարեց Մումպայի հայկական առեւտրային գրասենեակը, որ կը գործէ Հայաստանի տեղւոյն պատուոյ հիւպատոսութեան առընթեր։

ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։ Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի հրատապ օրակարգին վերաբերեալ զանազան հարցեր։

ՊԵՇԹԵՓԷԻ ՄԷՋ ԻՖԹԱՐ

Հանրապետութեան նախագահը երէկ երեկոյեան ընթրեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն եւ աշխարհական վարիչներուն հետ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առընթեր, հրաւիրեալներու շարքին էին Թրքահայ վաքըֆներու միութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան:
Անգարայի հաւաքոյթը ընթացաւ ջերմ մթնոլորտով, մասնակիցներու կարգին էին Կրօնից տեսուչ փրոֆ. Ալի Էրպաշ, նախարարներ եւ պետական աւագանիէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ: Նորին Ամենապատուութիւնը ուշ երեկոյեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ:

ՖՐԱՆՍԵՐԷՆԸ ՈՐՊԷՍ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ՀԱՅԵԼԻ

Նոթրը-Տամ-տը-Սիոն ֆրանսական լիսէին մէջ երէկ երեկոյեան բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը, որ կը կոչուի «Ֆրանսերէնը՝ որպէս քաղաքային հայելի»։ 1850-1950 թուականներու կտրուածքով հրապարակուած գովազդներու համայնապատկերին վրայ մատուցուած է այս ցուցահանդէսին իսկապէս հետաքրքրական նիւթը, որ լոյս կը սփռէ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ ֆրանսերէնի հասարակական կեանքէն ներս ունեցած դերակատարութեան վրայ։

ԱՆԽԱՓԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Էրտողան հեռաձայնով զրուցեց Վլատիմիր Փութինի հետ, որ երէկ հիւրընկալեց Անթոնիօ Կութերեսը:
Ըստ Պլինքընի, Ռուսաստան լուրջ չի վերաբերիր դիւանագիտական լուծման ուղղեալ բանակցութիւններու նկատմամբ:

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ-ՄՈՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նոր Տելհիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ։ «Ռայսինայի երկխօսութիւն» համաժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։

Էջեր