ԱՔԱՐ-ՇՈՅԿՈՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները առաջնահերթօրէն շօշափեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին վերաբերեալ զանազան հանգամանքներ։
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու հարցերուն շուրջ արտասահմանեան քննարկում:
Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ, Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ երէկ շուրջ չորս ժամ բանակցեցան Պրիւքսելի մէջ. ԵՄ-ի աղբիւրները տեսակցութիւնը որակեցին գերազանց:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Պրիւքսել, ուր այսօր նախատեսուած է իր հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Փաշինեան եւ Ալիեւ արդէն երկրորդ անգամ այսօր կը տեսակցին՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտարարեց, որ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի համար տրուած ի զուր խոստումները կը կազմեն ամօթալի թղթածրար մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը շարունակեց ահազանգ հնչեցնել կլիմայի փոփոխութեան հարցին շուրջ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Էրտողանի եւ Պայտընի միջեւ գոյացած համաձայնութեան զուգահեռ սկսաւ գործել նոր ձեւաչափ մը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբեր եւ անվտանգութեան հարցերու գծով խորհրդական Իպրահիմ Քալըն եւս հանդիպում մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտի հետ, որ այցելեց Անգարա։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Քալըն-Նուլանտ հանդիպումը, որու կապակցութեամբ պաշտօնական աղբիւրները ամփոփ գիծերու մէջ հաղորդում մը կատարեցին։
Պրիւքսելի մէջ վաղը նախատեսուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը՝ միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Փաշինեան եւ Ալիեւ արդէն երկրորդ անգամ պիտի մէկտեղուին Շարլ Միշելի նախաձեռնութեամբ։
Մեծանուն բանաստեղծի ծննդեան 125-ամեակը զանազան ձեռնարկներով կը նշուի Երեւանի մէջ: