ԻՐԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԴԱՄԱՍԿՈՍ
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հիւրընկալուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցեալին Պեշար Էսատ այցելած էր նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։
Ամերիկեան «Moderna» ընկերութիւնը տեղեկացուց, որ իր կողմէ «Covid-19»ի դէմ մանուկներու համար արտադրուած պատուաստանիւթը՝ չափահասներու համար արտադրուածին հաւասարազօր դրական արդիւնքներ կու տայ։ Երկու պարագային ալ պատուաստուածներու մարմնի դիմադրութիւնը կ՚ամրապնդուի՝ անհրաժեշտ համեմատութեամբ հակամարմիններու գոյացումով։
ՆԱԹՕ-ի Պաղ պատերազմի ժամանակներէն ի վեր ամենանուրբ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Պրիւքսելի մէջ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան խորհրդարանի ամպիոնէն ելոյթ մը ունենալով վերահաստատեց երկրի դիրքորոշումը՝ Շուշիի հռչակագրին առընչութեամբ, որ անցեալ տարի ստորագրուած էր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան յայտնեց, որ այս կապակցութեամբ որեւէ փոփոխութեան չէ ենթարկուած հայկական կողմի դիրքորոշումը, որ արտայայտուած է տակաւին անցեալ տարի։
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը որոշած է ուղեւորութեան մը ձեռնարկել դէպի Լեհաստան՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա առկայ պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Լեհաստանի նախագահ Անտրէյ Տուտայի հրաւէրին ընդառաջ Նորին Սրբութիւնը պիտի իրականացնէ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին իրեն պիտի ընկերանան Գատըգիւղի Էմմանուել Մետրապոլիտը եւ Հայր Եագոպոս Քրոչաքը։
Էրտողան Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մասին. «Միակ ելքի ճանապարհը դիւանագիտութիւնն է»:
Պէյրութի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ նշանակալի իրադարձութիւն մը, որ լիբանանահայութեան տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր՝ առկայ բարդ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ժամանակաշրջանին։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) շնորհաւորական մը հրապարակեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի պաշտօնի կոչուելուն կապակցութեամբ։ Այս առթիւ մատնանշուեցաւ, որ Վահագն Խաչատուրեանի պաշտօնավարութիւնը կը սկսի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հայ ազգը կանգնած է բազմաթիւ տարածաշրջանային ու համաշխարհային բարդ մարտահրաւէրներու առջեւ։
«Ուքրայնայի պատերազմը կրնայ շրջադարձային ըլլալ, կտրուկ փոփոխութիւնները չեն բացառուիր»:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Պերլինի շփումներու ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական նախարար Թոպիաս Լինտների հետ։