ՈՒՐՈՒԿԱՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԵՐԵՒԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսիսքօ Պուսթիժօ այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Բանակցութիւններու առընթեր, Արմէն Գրիգորեան եւ Ֆրանսիսքօ Պուսթիժօ կը սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։