ԹԱԼԻՊԱՆ ՔԱՊՈՒԼ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵՑ
Աֆղանիստանի իրադարձութիւնները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերու երկրէն դուրս գալէն վերջ ստեղծուած է նոր իրավիճակ մը, որով պայմանաւորուած գաղթականաց նոր հոսքի մը հեռանկարն ալ կը մտահոգէ միջազգային հանրութիւնը։