ՍՊԻՏԱԿ ԷՋ ՄԸ
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 8-րդ գումարման Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստը: Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկսը հանդէս եկան ելոյթներով:
«Ազգային եւ հասարակական համերաշխութեան այլընտրանք չկայ։ Առաջնահերթօրէն այս խորհրդարանէն, կառավարական համակարգէն պէտք է սերմանուի սէրը, փոխադարձ հասկացութիւնը, բարի կամեցողութիւնը», ըսաւ Վեհ. Հայրապետը ամպիոնէն:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը եւ անդրադարձան տարածքաշրջանային հարցերուն։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ գրող Արմէն Շէկոյեանի յուղարկաւորութիւնը։ Կոնտի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ հրաժեշտ տրուեցաւ հայ գրականութեան արդի վարպետին, մինչ հոծ թիւով յուղարկաւորներ վշտակցեցան իր սգաւոր ընտանիքին։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը շարունակուեցաւ շաբաթավերջին։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երկու հաղորդագրութիւններով հանրային կարծիքը լուսաբանեցին իրադրութեան մասին։
Հայաստան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ բերաւ Ատրպէյճանի սադրանքները:
«Երգող Արցախ» մանկապատանեկան ծրագիրը կ՚իրականացուի Ստեփանակերտի մէջ։ Այսպէս, 26 յուլիս-31 օգոստոս թուականներու միջեւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Երգող Արցախ» խորագիրով համաարցախեան մանկապատանեկան երգչախմբային ծրագիրը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի կողմէ հիմնադրուած «Աւանդական» պարախումբի անդամները երէկ երեկոյեան Գնալը կղզիի մէջ մտերմիկ հաւաքոյթով մը զիրար վերագտան՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու երկար ժամանակահատուածէն վերջ։
Ատրպէյճան երէկ գիշեր փորձեց անօդաչու թռչող սարքերով ներթափանցել Հայաստանի սահմաններէն:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է գրող Արմէն Շէկոյեան։ Երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէ վերջ ան 68 տարեկան հասակին հիւանդանոցի մէջ հեռացած է կեանքէն։