ԹՈՒՐՔԻՈՅ, ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԵՒ ՓԱՔԻՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՇՈՒՇԻ
Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ, Ատրպէյճանի Ազգային ժողովի նախագահ Սապիհա Կաֆարովա եւ Փաքիստանի Ազգային ժողովի նախագահ Էսատ Քայսէր, որոնք վերջին օրերուն եռակողմանի ձեւաչափով մէկտեղուած էին Պաքուի մէջ, երէկ այցելեցին Շուշի։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումներուն հետեւանքով սահմանի վրայ դիրքի փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած: Կողմերը հաւանութիւն տուին ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութեան միջնորդական առաջարկին՝ հրադադարի վերադառնալու ուղղութեամբ:
Կը տեղեկանանք, որ վերապատուելի տքթ. Ռընէ Լեւոնեան նշանակուած է Լիոնի Կաթոլիկ համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռընէ Լեւոնեան Ֆրանսայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն մին է։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը հասած է գագաթնակէտին եւ դժբախտաբար հետզհետէ կ՚արդարանան ամենավատ ակնկալութիւնները։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկ գիշեր եւ այս առաւօտեան ժամերուն մարտական գործողութիւններ ծաւալուած են Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։
Հոգելոյս մաէսթրօ Յարութիւն Թոփիկեանի 70-ամեակին առթիւ յոբելենական յատկանշական ձեռնարկ:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ նշանակուած զօրավար Արշակ Կարապետեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Կը հաղորդուի, որ զրոյցի ընթացքին քննարկուած են տարածքաշրջանային անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ նիւթեր։
Թրքահայ համայնքը անցեալ շաբթուան դադարի օրերուն ենթարկուեցաւ զգացական մեծ ցնցումի մը։ Այսպէս, քորոնաժահրի համաճարակի զոհ գնաց պոլսահայ մամլոյ վաստակաշատ սպասաւորներէն Կարօ Համամճեան, որ երկար տարիներէ ի վեր մաս կը կազմէր մեր պաշտօնակից «Մարմարա» օրաթերթի անձնակազմին։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Թոքիոյի մէջ կազմակերպուած Ողիմպիականներու բացման մասնակցելու համար մեկնած է Ճաբոն, ուր կ՚ունենայ զանազան շփումներ։ Հայ մարզիկները խրախուսելու առընթեր, Արմէն Սարգսեան ճաբոնական զանազան յառաջատար փորձագիտական ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ խորհրդակցութիւններ ալ կ՚ունենայ՝ մասնաւորապէս արհեստական բանականութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ։