ՆՈՐ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵ՞Ր
Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն ժամանակ այս տարի աւելի ընդգծուած ձեւով ակնարկութիւններ կատարուեցան Հարաւային Կովկասի իրադրութեան եւ տարածքաշրջանային հեռանկարներուն:
Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէ. «Մենք կը փափաքինք անցնիլ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման ճանապարհով»:
Հայաշխարհը այս 24 Ապրիլին ցեղասպանութեան սրբադասեալ նահատակներու բարեխօսութեան հայցին հետ ընդելուզած է Արցախի երկրորդ պատերազմի զոհերու սուգը:
Էրտողան-Պայտըն ուշագրաւ ժամկէտով հեռախօսազրոյց մը:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան վերջին օրերուն հանդէս եկաւ համաշխարհային պատգամով մը։ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի աղբիւրները 15 ապրիլին հրապարակեցին այդ պատգամը։
Ապրիլի 24-ի այս տարուայ ոգեկոչումներու ծիրէն ներս, երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական համերգ մը։ Այսպէս, «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ հանդէս եկան Հայաստանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբը եւ Պետական ակադեմական երգչախումբը։
Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Հաղորդակցութեան բաժանմունքը այս օրերուն կազմակերպած է ցուցահանդէս մը, որ ձօնուած է հայկական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ նահատակուած թուրք դիւանագէտներու յիշատակին։
Այսօր բովանդակ Թուրքիոյ մէջ մեծ հրճուանքով կը նշուի Ապրիլ 23-ի Ազգային գերակայութեան եւ մանկանց տօնը։ Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան տեղի կ՚ունենան տօնակատարութիւնները։ Պայմանները թէեւ արտասովոր են, սակայն ոգեւորութիւնը նուազ չէ երկրին մէջ՝ հաշուի առնելով թէ՛ այս տօնին նշանակութիւնը եւ թէ ժողովուրդի՝ միասնականութեան խոր գիտակցութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահի առընթեր Բարձրագոյն խորհրդակցութեան մարմինը ժողով մը գումարեց:
Փաշինեանի Սիւնիքի մարզ այցելութիւնը իսկական գայթակղութեան մը ծնունդ տուաւ Հայաստանի մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան որոշեց չվաւերացնել երկրի բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին օրէնքին մէջ եւ յարակից օրէնսդրութեան գծով նախատեսուած փոփոխութիւններու ծրարը, որ վերջերս Ազգային ժողովի հաւանութեան արժանացած էր։ Նախագահ Սարգսեանի աշխատակազմը երէկ տեղեկացուց, որ այդ օրէնքի Սահմանադրութեան համապատասխանութիւնը ճշդելու համար որոշուած է դիմել Սահմանադրական ատեան։