ՓՈՒԹԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ պատրաստ է տեսակցիլ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։ Փութին պատրաստակամութիւն յայտնեց Զելենսքին Մոսկուայի մէջ հիւրընկալելու համար՝ անոր տեսակէտէ յարմար որեւէ ժամանակ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ պատրաստ է տեսակցիլ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։ Փութին պատրաստակամութիւն յայտնեց Զելենսքին Մոսկուայի մէջ հիւրընկալելու համար՝ անոր տեսակէտէ յարմար որեւէ ժամանակ։
Ռուսահայ գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեան կը շարունակէ տեղ զբաղեցնել Ռուսաստանի ամենահարուստ անձնաւորութիւններու շարքին։ «Forbes» հանդէսը 2021 թուականի հինգերորդ համարին մէջ հրապարակեց Ռուսաստանի ամենաունեւոր 200 գործարարներու ցուցակը։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ իր երկիրը կողմնակից է գերիներու վերաբերեալ խնդրի կարգաւորման՝ «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով։ Ան աւելցուց, որ ռուսական կողմը վճռական ու գործօն քայլերու կը ձեռնարկէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ այս ամենազգայուն հարցին շուրջ։
«Annie Awards» գծաժապաւէնի մրցանակաբաշխութեան առաջին հորիզոնականը գրաւած է «Հոգի»ն։ Ամերիկեան «Հոգի» (Soul) գծաժապաւէնը արժանացած է հեղինակաւոր «Annie Awards» մրցանակաբաշխութեան առաջին մրցանակին՝ դառնալով տարուայ «Լաւագոյն գծաժապաւէնը»:
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ պիտի բացուի հոյամողէզներու ժամանակաշրջանի ձեւագծումով «Բրիտանական Տիզնէյլանտ»։
Այս ծրագրին անդրադարձած է բրիտանական «Daily Mail» պարբերականը։
Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առաւօտ ահազանգեց, որ վերջին օրերուն Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը հրադադարը խախտած են զանազան ուղղութիւններով։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, այդ խախտումներուն ժամանակ Ատրպէյճանի բանակը օգտագործած է տարբեր տրամաչափով հրաձգային զինատեսակներ։
Նախարար Արա Այվազեան. «Ուժի կիրառումով ստեղծուած իրողութիւնները չեն կրնար օրինական ըլլալ»:
Հայաստան երկրորդ անգամ դարձաւ ԵԱՀԿ-ի Անվտանգութեան համագործակցութեան ֆորումի շրջանային նախագահ երկիրը:
«Եթէ Պաքու կը խօսի Զանգեզուրի միջանցքի մասին, Երեւանն ալ կրնայ խօսիլ Նախիջեւանի միջանցքի մասին»:
Ըստ Փաշինեանի, Ալիեւ կը ձգտի համաձայնութիւններէն ետ կանգնիլ՝ Հայաստանը շրջափակման մէջ պահելու համար:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ իր երկիրը գլխաւոր դերը խաղացած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինեալ հակամարտութեան դադրեցման ուղղութեամբ։
Վլատիմիր Փութին երէկ Ռուսաստանի դաշնակցային ժողովին մէջ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Արցախի երկրորդ պատերազմին
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովէն (ԵԽԽՎ) ներս օրերս ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Նկատի ունենալով, որ Անկելա Մերքելի ելոյթը շարք մը իրերամերժ մեկնաբանութիւններու դուռ բացած է՝ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը պարզաբանում խնդրած է Գերմանիոյ կառավարութեան բանբերէն։