ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ՓՈՐՁԻ ՓՈԽԱՆԱԿՄԱՆ ՆՊԱՏԱԿՈՎ ՄԵԿՆԵՑԱՆ ԱՄՆ
Հայաստանի ինն թանգարանի տնօրէն մայիս 27-յունիս 7 թուականներու միջեւ կը մասնակցի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած «Միջազգային այցելու» ծրագրին՝ «Մշակութային կազմակերպութիւններու միջեւ կառավարման գերազանցութեան խթանումը» խորագրով։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Մոսկուա այցելութեան ընթացքին Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ քննարկեց Հարաւային Կովկասի իրավիճակը։
Հայաստանի ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան յայտնեց, որ Երեւան այժմ կը փորձէ փոխել Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային թափը։ «Երեւանեան երկխօսութիւն» երկրորդ միջազգային համաժողովի շրջանակներէն ներս մասնակցած ասուլիսին ժամանակ ան ընդգծեց, որ անվտանգութեան ոլորտէ ներս միայն մէկ աղբիւրի վրայ յենուիլը պարզապէս չ՚աշխատիր։
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ Մոսկուայի մէջ։ Քրեմլինի պալատէն ներս ան ընդունուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։
Արարատ Միրզոյեան. «Մարդկութիւնը դէմ յանդիման է մեծ անորոշութեան, բայց սա աշխարհի վերջը չէ»:
«Երեւանեան երկխօսութիւն» երկրորդ համաժողովը այս առաւօտ սկսաւ՝ համախմբելով միջազգային ընտանիքէն բազում ներկայացուցիչներ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։
Երեւանէն կը դիտարկուի, թէ Մոսկուա տարածաշրջանի ծրագիրները կը համաձայնեցնէ Անգարայի հետ:
Այս երկուշաբթի պիտի սկսի՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովը։ Այս տարի արդէն երկրորդ անգամ հայկական դիւանագիտութիւնը հանդէս կու գայ նման նախաձեռնութեամբ մը։
Երեւանի ղեկավարութիւնը յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի հիւրընկալէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոն, որ երկուշաբթի պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը իրականացնել հնարաւոր կ՚ըլլայ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման, նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման պարագային։