ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ ԵՒ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ
Եւրոպական քաղաքական համայնքի՝ Թիրանի մէջ երէկ կազմակերպուած գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ հերթական շփում:
Եւրոպացի ղեկավարները առկայ մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ հետամուտ՝ ցամաքամասի անվտանգութիւնը ապահովելու եւ ժողովրդավարական դիմադրունակութիւնը ամրապնդելու:
Իսթանպուլի մէջ, Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով երէկ կազմակերպուած բանակցութիւններու արդիւնքով գերիներու փոխանակման որոշում մը առնուեցաւ։
Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան վերջ տալու ուղղեալ նախաձեռնութիւններ՝ փոխադարձ դիմադրութիւններով:
Ալպանիոյ հիւրընկալմամբ, այսօր տեղի կ՚ունենայ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 6-րդ գագաթաժողովը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Թիրանի մէջ, Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստայի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի հետ։
Ֆրանսայի յառաջատար բոլոր զանգուածային լրատուութեան միջոցները երէկ արձագանգ հանդիսացան բօթին. ոչ եւս է վաստակաւոր լրագրող Տանիէլ Պիլալեան, որ կեանքէն հեռացած է 78 տարեկանին։
Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) շրջանաւարտներու առաջին ֆորումը առիթ դարձաւ՝ Հայաստանի զարգացման ապահովման վերաբերեալ հեռանկարներու քննարկման։ Վերատեսուչ Յովհաննէս Յովհաննէսեան յայտարարեց, որ ԵՊՀ կը շարունակէ մնալ գիտելիքի ստեղծման, պահպանման եւ փոխանցման ամենակարեւոր հարթակը Հայաստանի մէջ։
Հայաստան յաջորդ տարի պիտի հիւրընկալէ COP 17 համաժողովը, որուն ընդառաջ քննարկում մետիաներու դերին մասին:
Եւրոխորհուրդի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հերթական 134-րդ նստաշրջանը:
Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Երէկ երեկոյեան, Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ յոբելենական համերգ մը, որ անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ անպաշտօն ժողով մը գումարեցին Անթալիայի մէջ։ Դաշինքի անդամ երեսունմէկ երկիրներու նախարարներուն հաւաքը զուգադիպեցաւ՝ Իսթանպուլի այսօրուան Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցութիւններու նախօրեակին։