ԿԱՅՈՒՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ
Զօհրապ Մնացականեան. «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը գերակայ խնդիր է, այսօր՝ նաեւ պաշտպանութեան միջոց»:
Արցախի առաջնագծին վրայ բոլոր ուղղութիւններով բախումները կը շարունակուին: Վաղ առաւօտեան ռմբակոծումները վերսկսան: Ստեփանակերտը երէկ աւելի հզօր միջոցներով հարուածներու ենթարկուեցաւ: Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանի, ամէն վայրկեան ընթացքի մէջ են ծանր ու յամառ մարտեր: Միշտ ոտնձգութիւններ կը կատարուին նաեւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ:
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը յառաջիկայ երկուշաբթի պիտի քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակը։ Ըստ Նիւ Եորքէն հասած լուրերուն, այս քննարկումը տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի դիմումներուն հիման վրայ։
Նախագահներու նախընթաց օրուան հեռախօսազրոյցէն վերջ, երէկ ալ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձան Արցախի իրավիճակին։
Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Արցախի լայնածաւալ պատերազմով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ տեղի կ՚ունենայ այս այցելութիւնը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց. «Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը մեզի համար կարմիր գիծ է, զոր մենք չենք կրնար անցնիլ»։ Մինչ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի, Նիկոլ Փաշինեան երէկ հարցազրոյց մը տուաւ «Ռասիա Սեկոտնիա»ին։
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին նոյն թափով։
Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի Հայաստանի գրասենեակը դատապարտեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս բոլոր տեսակի թիրախաւորումները, որոնք քաղաքացիական անձերու մահուան կամ վիրաւորման պատճառ կը դառնան։ Կարմիր խաչի Հայաստանի գրասենեակի հաղորդակցութեան ծրագրերու ղեկավար Զարա Ամատունի երէկ «Արմէնփրէս»ին յայտարարութիւններ ըրաւ՝ Հայաստանի տարածքէն ներս անօդաչու թռչող սարքի հարուածին հետեւանքով 14-ամեայ երիտասարդի մը տուժելուն կապակցութեամբ։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նախագահները հեռախօսազրոյց մը ունեցան՝ Լեռնային Ղարաբաղի իրադրութիւնը քննարկելով պատերազմի վերսկսելէն ի վեր առաջին անգամ: Փութին Էրտողանի հետ խօսակցութեան ժամանակ յոյս յայտնեց, թէ Անգարա՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամ, դրական դեր կը ստանձնէ հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմական գործողութիւնները կը շարունակուին ամբողջ սաստկութեամբ։ Գրեթէ երեք շաբաթէ ի վեր լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները կ՚ընթանան ծանր հետեւանքներով։