1692 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ վարակումներու հետեւանքով թոքերու բորբոքման պարագաներու համեմատութիւնը կը շարունակէ նուազիլ Թուրքիոյ մէջ։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ վարակումներու հետեւանքով թոքերու բորբոքման պարագաներու համեմատութիւնը կը շարունակէ նուազիլ Թուրքիոյ մէջ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին պարգեւատրեց երեք հայազգի բժիշկ՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ ծաւալուած պայքարի մէջ ցուցաբերուած անձնուրաց ծառայութեան համար։ tert.am-ի հաղորդումներով, Փութին ընդհանուր առմամբ գնահատանքի առարկայ դարձուց քսան բժիշկ, որոնց համար սահմանեց պարգեւներ:
Պուլկարիոյ մէջ ներկայիս ծայր տուած է ներքին քաղաքական լուրջ տագնապ մը։ Յուլիսի 9-էն ի վեր Սոֆիայէ ներս կ՚ընթանան հակակառավարական բողոքի ցոյցեր։
Airbus ընկերութիւնը տեղեկացուց, որ կը ծրագրէ արտադրել օդանաւեր, որոնք վնասակար կազերու արտահոսք պիտի չունենան, պիտի բանին ջրածինով եւ անոնց արտադրութիւնը պիտի սկսի 2035 թուականին։ Օդանաւերու վառելանիւթի փոխարէն ջրածինով պիտի աշխատին այս նոր օդանաւերը՝ բոլորովին բնապահպանական սկզբունքներուն համակերպելով։
Ազգագրական երգ ու պարը՝ Տաւուշի մէջ. «Գութան» փառատօնին տասներեք համոյթ կը մասնակցի։ Հայաստանի աւանդական երգ ու պարի «Գութան» ամենամեայ փառատօնը այս տարի տեղի կ՚ունենայ սեպտեմբերի 25-26-ին Տաւուշի մարզի սահմանապահ տասներեք համայնքներէն ներս՝ Բաղանիս, Կոթի, Բերդաւան, Ոսկեպար, Բերքաբեր, Վազաշէն, Պառաւաքար, Այգեպար, Ներքին Կարմիրաղբիւր, Արծուաբերդ, Մովսէս, Չինարի եւ Բերդ քաղաքին մէջ:
Մոցարթի երաժշտութեան ներքոյ Երեւանի բակերէն մէկուն մէջ կը ցուցադրուին նկարիչ Արթուր Յովհաննիսեանի գործերը։ Այսպէս, «Մոցարթը քաղաքին մէջ» խորագրով միջոցառման շրջանակէն ներս կը միաւորուին մեծանուն յօրինողի երաժշտարուեստն ու հայ ժամանակակից նկարիչ Արթուր Յովհաննիսեանի Forms And Reflections շարքի քաղաքաշինական աշխատանքները:
Կրիփով եւ քորոնաժահրով միաժամանակեայ վարակումը կը կրկնապատկէ մահուան ռիսքը։ Այսպէս, եղանակային կրիփով եւ նոր քորոնաժահրով միաժամանակեայ վարակումը կը կրկնապատկէ մարդոց մահուան ռիսքը:
Նշուած են նախաճաշի ամենավտանգաւոր մթերքները։ Այսպէս, բժիշկ-սննդագէտ Իննա Քոնոնենքօ նշած է այն մթերքները, որոնց օգտագործումը նախաճաշին կրնան վնասել առողջութեան եւ յանգեցնել ճարպակալման։
Գերմանացի տարեց զոյգ մը խնամուած արտաքինի եւ ոճային զգեստներու շնորհիւ մշտապէս կը յայտնուի հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնին։ Այսպէս, Գերմանիոյ մայրաքաղաքը՝ Պերլինի մէջ բնակող զոյգը՝ Պրիտ Քանիա եւ Կիւնթէր Քրապէնհէօֆ, տարեց ըլլալով հանդերձ, աշխոյժ կենսակերպ կը վարեն եւ չեն բացակայիր որեւէ նշանակալի մշակութային եւ հասարակական միջոցառումէ:
Զուիցերիոյ մէջ բացուեցաւ աշխարհի ամենաբարձր տուրմի շատրուանը։ Այսպէս, աշխարհահռչակ տուրմի ընկերութիւններէն՝ զուիցերական Lindt-ը, սեպտեմբերի սկիզբին բացաւ «Տուրմի տուն», որու գլխաւոր գրաւչութիւնն է 9 մեթր բարձրութեամբ աշխարհի ամենամեծ տուրմէ շատրուանը: