ԶՈՀՈՒԱԾ ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ԽՕՍՔԵՐԷՆ
- «Հայ մօր կոչումն է ազգին նուիրեալ զինուորներ ծնիլ ու դաստիարակել»:
- «Եթէ պատերազմ սկսի, մենք անպայմա՛ն կը յաղթենք:
- «Հայ մօր կոչումն է ազգին նուիրեալ զինուորներ ծնիլ ու դաստիարակել»:
- «Եթէ պատերազմ սկսի, մենք անպայմա՛ն կը յաղթենք:
Աշխարհի խոշորագոյն աճուրդի տուներէն մէկը՝ Sotheby՚s, վաճառած է 102.39 քարատնոց անթերի սպիտակ ադամանդ մը:
Ըստ New York Post-ի, թանկարժէք քարը վաճառուած է 12-30 միլիոն տոլարով: Հսկայական ադամանդը իր տեսակին մէջ մեծութեամբ երկրորդն է, որ իր նմանը երբեք չէ վաճառուած աճուրդով:
Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատի բախումներու մթնոլորտին մէջ ՄԱԿ տեղեկացուց, որ քաղաքային ժողովուրդէն 40 զոհ կայ։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես այս իրավիճակին մէջ աշխարհին դիմեց՝ խնդրելով նպաստել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի դադրեցման։ Ան տարածքաշրջանային եւ միջազգային դերակատարներուն կոչ ուղղեց՝ օգնել անյապաղ հրադադարի հասնելու համար հակամարտութեան գօտիէն ներս։
Պաքու մեկնելու սեմին Չավուշօղլու ըսաւ. «Հայաստան 30 տարիէ ի վեր կը վայելէ բռնագրաւման համը»:
Ենս Սթոլթենպերկ Անգարայի մէջ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնկած նոր պատերազմի մթնոլորտին մէջ, երէկ չորրորդ հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին կողմերը շարունակեցին ռազմական գործողութիւններու վերաբերեալ զարգացումներու քննարկումը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլինի հետ։ Երկկողմանի յարաբերութիւններուն անդրադառնալու առընթեր, երկու ղեկավարները զրոյցի տեւողութեան կանգ առին Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններուն վրայ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները երէկ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Այս երեք պետութիւններու նախագահները եւս քանի մը օր առաջ համատեղ յայտարարութիւն մը հրապարակած էին։
Երէկ անդրադարձած էինք «Ատրպէյճանի ձախ երիտասարդութիւն» խմբաւորման յայտարարութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին շուրջ, ստորեւ կը ներկայացնենք այդ յայտարարութեան թրքերէն թարգմանութիւնը։
Արցախի ճակատին վրայ մարտերը կ՚ընթանան տարբեր խտութեամբ: Ըստ հայկական աղբիւրներու, Ատրպէյճան այս առաւօտ շարունակեց ռմբակոծել Ստեփանակերտը:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս թէժ իրավիճակը կը մնայ առկայ՝ մինչ հակամարտ կողմերը շաբաթավերջին յարաբերաբար աւելի շատ անդրադարձան հրադադարի հաւանականութեան:
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ ներկայ շաբթուան սկիզբին իրերայաջորդ կ՚այցելէ Թուրքիա եւ Յունաստան։ Այսօր Սթոլթենպերկ շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ, իսկ վաղը Աթէնքի մէջ կը հիւրընկալուի Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի, Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի եւ Պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Փանակիոթոփուլոսի կողմէ։