ԱՆԳԼԻՈՅ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ԵՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ՄԵՐԺԵՑ BREXIT-Ի ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ
Անգլիոյ Երեսփոխանական ժողովը երէկ երրորդ անգամ մերժեց BREXIT-ի համաձայնութիւնը։ Այսպէսով անգլիացի խորհրդարանականները ճանապարհ հարթեցին, որպէսզի երկիրը ապրիլի 12-ին դուրս մնայ Եւրոմիութեան կազմէն։ Անգլիացի երեսփոխանները ձայներու 344-286 յարաբերակցութեամբ մերժեցին BREXIT-ի համաձայնութիւնը։ Նախապէս յունուարի 15-ին եւ մարտի 12-ին ալ անոնք հանդէս եկած էին նման դիրքորոշումով։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ այսօր կը քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի հեռանկարները:
Շաբաթավերջի ընտրութիւններուն ընդառաջ հանդիպում՝ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի վարիչներուն հետ:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր Անթալիոյ մէջ կը հիւրընկալէ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ապրիլի 8-ին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Թուրքիա-Ռուսաստան բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի հերթական ժողովը։
BREXIT-ի գործընթացի մատնուած փակուղին կը բնորոշէ նաեւ Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի քաղաքական ճակատագիրը։ Ներկայ իրավիճակով գրեթէ անխուսափելի դարձած է անգլիացի վարչապետի հրաժարականը, ինչ որ կը համարուի միայն ժամկէտի հարց։ Financial Times թերթն ալ այս իրավիճակին մէջ հաղորդեց, որ Թերեզա Մէյի հաւանական հրաժարականէն վերջ վարչապետի պաշտօնին համար պայքար պիտի ընթանայ չորս քաղաքական գործիչի միջեւ։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները վաղը Վիեննայի մէջ պիտի տեսակցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ:
Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Լիլիան Մորի-Փասքիէ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ։ ԵԽԽՎ-ի նախագահը յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ նաեւ Ծիծեռնակաբերդ։
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութենէն ներս, Ֆրանսախօսութեան մշտական խորհուրդի քաղաքական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Քրիստիան Տէր-Ստեփանեան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան կը պատրաստուի այցելել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Իր ուղեւորութիւնը պիտի սկսի ապրիլի 1-ին։