Լրահոս

ՓԵԹԷՐ ԷՐԻՔՍՈՆԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Շուէտի Միջազգային զարգացման ու համագործակցութեան նախարար Փեթէր Էրիքսոնի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը արժեւորեցին երկու երկիրներու քաղաքական երկխօսութեան թափը ու վերահաստատեցին փոխադարձ յանձնառութիւնը՝ խորացնելու համար փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութիւնը թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի ձեւաչափի մէջ։

7-ՐԴ ԽԱՂԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Ավինեանի գլխաւորութեամբ Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Համահայկական 7-րդ խաղերու կազմակերպչական յանձնախումբի նիստը։ Հարկ է նշել, որ Համահայկական 7-րդ խաղերը նախատեսուած են 7-17 օգոստոսին։

Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԷՆ ՀԵՐՔՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուուական համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քահանայ Մելիքեանի յայտարարութիւնները:
Մայր Աթոռի աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Վեհափառ Հայրապետը պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ չ՚աջակցիր Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանին:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու վարչապետները անդրադարձան Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան միջկառավարական խորհուրդի ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն։

ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ՇԱՀԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան յայտնեց, որ Երեւանի տեսակէտէ անընդունելի է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու լարուածութեան ֆոնին վրայ հայոց ցեղասպանութեան շահարկումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Նաղդալեան պատասխանեց հարցումի մը, որ կը վերաբերէր Թուրքիա-Իսրայէլ առկայ լարուած յարաբերութիւններու ֆոնին վրայ ցեղասպանութեան հարցի շահարկման։

ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՄԵՐԳ

Պատուոյ հիւրերն էին Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան:
Թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան հանդէս եկաւ Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ:

ԾՐԱԳԻՐԸ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ

250Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ յառաջիկայ նոյեմբերին Թուրքիոյ պիտի յանձնուին երկու Ֆ-35 ռազմաօդանաւեր։ Փենթակոնի համատեղ արտադրութեան ռազմաօդանաւերու ծրագրի գրասենեակի բանբեր Ճօ Տելլա Վետովա յայտնեց, որ այդ ռազմաօդանաւերու համար թրքական անձնակազմի մարզումներն ալ կը շարունակուին։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Հայկական լեռնաշխարհը իր ամբողջ գեղեցկութեամբ ու հարստութեամբ պատկերուած է գեղանկարիչ Մհեր Յարութիւնեանի «Հայրենի բնօրրան» խորագրեալ ցուցահանդէսին:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Յովհաննէս Շարամբէեան» ժողովրդական արվուստի կեդրոնին մէջ:

«Ո՛Չ ԹԷ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ, ԱՅԼ՝ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՒԷՐ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Արցախը բանակցութիւններուն ներգրաւելու ուղղեալ իր յայտարարութիւններու շարքը ո՛չ թէ մարտահրաւէր մըն է, այլ՝ երկխօսութեան հրաւէր։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետ Փաշինեան երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մէջ։ Ան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցեց Մատենադարանի երդիքին տակ։ 

Էջեր