ՄԱՏՐԻՏԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
«Միջերկրականեան Եւրոպայէ ներս քաղաքականութիւն, կրօն եւ սեռ (1840-1930 թուականներուն):
«Կրօնի մեկնակէտով մտածել սեռի մասին» խորագրեալ նիստին ընթացքին զեկուցում մը ներկայացուց Այլին Գօչունեան, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի անցեալ դարասկիզբի յօդուածներու լոյսին տակ խորհրդածութիւններ ըրաւ՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ վիճակած քաղաքակրթական առաքելութեան շուրջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Միջազգային եւ անվտանգութեան հարցերու հայկական կաճառի կողմէ կազմակերպուած երիտասարդական երրորդ ֆորումին։ «Ժողովրդավարութիւն, անվտանգութիւն եւ արտաքին քաղաքականութիւն» խորագրեալ այս ֆորումի ընթացքին Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ Հայաստանէ ներս տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն, երկրի զարգացման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ համալսարանական շրջանաւարտներու հետ բաժնեց իր փորձառութիւնները։
Հայաստանի մէջ ներկայիս զօրակոչի շրջան է։ Հայոց բանակի շարքերը կը համալրուին նոր զինուորներով։ Զօրակոչի ներկայ փուլին կը զինուորագրուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որդին՝ Աշոտ Փաշինեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երէկուան ցաւալի դէպքերը լուրջ հարուած հասցուցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վարկին ու հեղինակութեան՝ մեծ ցասում յառաջացնելով հաւատացեալ հայորդիներու շրջանակներէն ներս. իրադարձութիւնները կը հասնին գայթակղեցուցիչ համեմատութիւններու։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով յայտնեց, որ յառաջիկային կը ծրագրուի հանդիպում մը կազմակերպել Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի միջեւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս դիւանագէտը ըսաւ. «Հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցի զգայնութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները տակաւին կը խուսափին այս նիւթին շուրջ որեւէ հրապարակային յայտարարութենէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց սփիւռքահայ յայտնի դերասանուհի Արսինէ Խանճեանը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան եւ Արսինէ Խանճեան անդրադարձան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկրի մշակութային եւ հասարակական կեանքին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այսօր կէսօրուան ժամերուն դժբախտաբար պատահեցաւ տհաճ դէպք մը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան դիմատետրի էջին վրայ նշեց, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաժարականը պահանջողները ներխուժած են Մայր Աթոռի դիւանատան շէնքը։
Անգլիոյ Արտաքին գործոց եւ համագործակցութեան նախարարութեան մշտական քարտուղար Սըր Սէյմըն Մաքտանըլտ այս առաւօտ ժամանեց Երեւան եւ ձեռնարկեց շփումներու։ Ան իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ Հայաստանի կառավարութենէն ներս՝ ընդունուելով առաջին փոխ-վարչապետ Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։
Իտալիոյ Եպիսկոպոսական ժողովի նախագահ կարտինալին գլխաւորութեամբ եռօրեայ ուխտագնացութիւն՝ յագեցած ու բազմակողմանի ծրագրով: