Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ երեկոյեան, Հայաստանի Հանրապատութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համացանցի վրայ ուղիղ եթերով հանդէս եկաւ՝ պատասխանելով երկրի օրակարգի զանազան նիւթերու վերաբերեալ հարցումներու։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ նաեւ եկեղեցական կեանքի վերջին իրադարձութիւններուն։ Վարչապատ Փաշինեան այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ հետեւեալ մեկնաբանութիւններով։

ՇԻՐԱԿԻ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՊՍԿ. ԱՋԱՊԱՀԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Շա­բա­թա­վեր­ջի տխուր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ՝ Շի­րա­կի թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ Տ. Մի­քա­յէլ Եպսկ. Ա­ջա­պա­հեան հան­դէս ե­կաւ հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թեամ­բ։
Շուրջ եր­կու տաս­նա­մեակ Շի­րա­կի թե­մի ա­ռաջ­նոր­դի հայ­րա­կան խնամ­քը պէտք ե­ղա­ծէն ա­ւե­լի վա­յե­լած քա­նի մը ան­ձեր՝ Ար­մէն (Կո­րիւն) Ա­ռա­քե­լեան, Կա­րէն Պետ­րո­սեան, Ղա­րիպ Յա­րու­թիւ­նեան, Հայ­կա­րամ Դրմէեան, քա­ռա­սուն օր ա­ռաջ կա­մա­ւո­րա­պէս դուրս ե­կան Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ գա­ւի­թէն եւ այդ­պէս ալ չվե­րա­դար­ձան՝ հա­կա­ռակ մեր ան­թիւ յոր­դոր­նե­րուն եւ խրատ­նե­րուն։ 

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ

Պէյրութի Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանէն տասնմէկ երիտասարդ արուեստագէտներու՝ Լուսինէ Աբրահամեանի, Ժորա Գասպարեանի, Գայ Ղազանչեանի, Հայկ Ղազարեանի, Ռաֆայէլ Մանուկեանի, Ռոմէօ Մելիքեանի, Սիլվա Մկրտչեանի, Արմինէ Յարութիւնեանի, Արա Շահումեանի, Պետօ Պօղոսեանի եւ Յակոբ Վարդանեանի գեղանկարներու եւ քանդակներու ցուցահանդէսի բացումը:

ԱՆԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻ՜ՒՆ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Մայր Հայաստանէն այսօր յետմիջօրէին հասան ողբերգութեան համազօր լուրեր։ Առանց չափազանցութեան այսօր հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենացաւալի իրադարձութիւններէն մին ապրուեցաւ ազատ ու անկախ Հայաստանի հողին վրայ, հայոց ազատ ու անկախ, գերիշխան պետականութեան օրով։ Այսօր յետմիջօրէին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գերագոյն Պետը, աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդի Ընդհանրական Հայրապետը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսը գերեվարուեցաւ խումբ մը անբարոյականներու կողմէ։

15 ՅՈՒԼԻՍԻ ԶԻՆԵԱԼ ՅԵՂԱՇՐՋՄԱՆ ՓՈՐՁԷՆ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԻ ԱՆՑ

Համայն Թուրքիոյ ուշադրութիւնը այս շաբաթավերջին կեդրոնացած է 15 յուլիսի տարելիցին վրայ։ Թէեւ զինեալ յեղաշրջման փորձին վրայէն անցած է երկու տարի, սակայն այդ սարսափելի դէպքերուն յիշողութիւնը թարմ է բոլորի մտքին մէջ։ 15 յուլիս 2016 թուականին Թուրքիոյ յաղթահարած փորձառութիւնը անկիւնադարձ մը կը համարուի երկրի ժողովրդավարութեան պատմութեան տեսակէտէ։

ՄԻՇՏ ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կրակ բացին Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի Ճամբարակ քաղաքին վրայ:
Նիկոլ Փաշինեան շրջադարձային չի համարեր Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած Մնացականեան-Մամէտեարով հանդիպումը:

ՓՈԽԱԿԵՐՊԵԼ ԲԱՐԻՔԻ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետը բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ եկեղեցական կեանքի վերջին մտահոգիչ իրադարձութիւններուն շուրջ։
Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան. «Ես պիտի չուզէի խօսիլ իշխանութիւններու հետ յարաբերութիւններու մասին, այլ պիտի խօսէի պետութեան հետ յարաբերութիւններու մասին: Գիտէք, որ պետութեան հետ յարաբերութիւնները ունին շատ դրական բնոյթ եւ միշտ ընդգծուած է այս իրողութեան անհրաժեշտութիւնը։ Եկեղեցին եւ պետութիւնը պէտք է միասնականութեամբ եւ համագործակցութեամբ ծառայեն յանուն մեր երկրի եւ մեր ազգի առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման: Կը կարծեմ, թէ ձախողման դատապարտուած են այն բոլոր ձգտումները, որոնք կը փորձեն պետութիւն ստեղծել առանց եկեղեցւոյ ներկայութեան եւ դերակատարութեան: Մենք գուցէ կ՚ունենանք պետութիւն մը, բայց այդ պետութիւնը կ՚ըլլայ հաստատապէս ոչ հայկական»։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԴԱՐՁԵԱԼ ԴԷՊՔԵՐ ՊԱՏԱՀԵՑԱՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն այս առաւօտ դարձեալ հասան մտահոգիչ լուրեր։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան անմիջապէս տեղեկութիւններ փոխանցեց այս մասին։ Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականը պահանջող տխրահռչակ խմբակի իբրեւ թէ ցուցարարները այս առաւօտ կրկին փորձեցին խաթարել համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնի անդորրն ու աղօթական միջավայրը։

Էջեր