ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Պարտաւորութիւնն է յաճախ, որ կը մղէ մարդս ասպարէզի մը մէջ աշխատանք մը ծաւալելու: Երբեմն միայն կեանքի պահանջքը: Ապրուստի ու գոյատեւելու դրդումով է, որ կ՚աշխատի մարդ արարածը, ինչպէս օրինակ՝ սովորական բանուոր մը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Պարտաւորութիւնն է յաճախ, որ կը մղէ մարդս ասպարէզի մը մէջ աշխատանք մը ծաւալելու: Երբեմն միայն կեանքի պահանջքը: Ապրուստի ու գոյատեւելու դրդումով է, որ կ՚աշխատի մարդ արարածը, ինչպէս օրինակ՝ սովորական բանուոր մը:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5.5)։
Յոյսը մարդուն մէջ ի վերուստ դրուած գործօն մըն է, որուն միջոցաւ մարդ ինքզինք կը վերականգնէ, տեղի չի տար դոյզն դժուարութիւններու դիմաց եւ անկոտրում կամքով կը պայքարի՝ իր նպատակին հասնելու համար։
Անցնող օրերուն միջազգային լրահոսին համար ամենէն «փայլուն» աստղը դարձաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: Ամերիկայի նախագահը մասնաւորապէս կը գրառէր՝ «Ռուսաստան կը խոստանայ վնասազերծել այն հրթիռները, որոնք պիտի արձակուին Սուրիոյ ուղղութեամբ, իսկ ես կ՚ըսեմ, պատրաստուեցէ՛ք, որովհետեւ հրթիռները պիտի գան եւ պիտի ըլլան գեղեցիկ ու խելացի:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս իրական կեանքէ առնուած պատմութիւնը մեզի կու գայ Հիւսիսային Քարոլայնա նահանգի Նայթստէյլ քաղաքէն, ուր բը-նակութիւն հաստատած է Փրէտլ ընտանիքը։
Այդ ընտանիքին Քէյթի անունով դուստրը որդեգրութեան տրուած էր, երբ ան տակաւին երեխայ էր։
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Մարդիկ, որոնք շատ կը կարդան, մարդիկ, որոնք լաւ պաշար ունին եւ խօսելու կարողութիւն, միշտ զիրենք լսողներ կը փնտռեն: Իրենց ամբարած գիտելիքներն ու կեանքի փորձառութիւնները կ՚ուզեն բաժնեկցիլ ուրիշներու հետ, թէ՛ այդ ձեւով լիցքաթափուելու եւ թէ՛ դիմացինին ալ օգտակար դառնալու հաճոյքը ունենալու:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Անուշ ձայն մը կը բախի լսողութեանս, շատ մօտ ու սրտամօտ: Կողքի սենեակէն երաժշտական գործիքներուն ձայնն է, որ կը հոսի ու կը տարածուի իր հունին մէջ խաղաղութեամբ հոսող առուակի մը պէս: Կ՚ըլլան չէ՛ պահեր, երբ մարմաջ մը կը պարուրէ էութիւնդ խաղաղ հնչիւններ լսելու:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Իրապաշտութիւնը շատերու համար հաճելի բառ մըն է, շատերու համար ոչ այնքան, իսկ որոշ տոկոսի մը համար նոյնիսկ անընդունելի եւ տաղտկալի:
Յաճախ կը լսենք, որ մարդիկ կը կրկնեն, թէ աս կամ ան մարդը իրապաշտ մտածող է, իրապաշտ գրող է, իրապաշտ խորհող է, իրապաշտ գործիչ է, իրապաշտ ղեկավար է, կամ իրապաշտութեան ջատագով է, իրապաշտութեան կրող է, եւ այլն, եւ այլն:
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Անէծքներուն ցանկը աւելի երկար է, քան՝ օրհնութեանց։ Բոլոր անոնք, որոնք կը խոտորին Տիրոջ ճանապարհէն՝ «Անոր գործերուն մէջ անէծք, տառապանք եւ յանդիմանութիւն պիտի ղրկէ՝ իր չար գործերուն եւ Տէրը ձգելուն համար, մինչեւ որ շուտով բնաջինջ ըլլայ ու կորսուի» (Բ. Օր 28.20)։
ՆՈՐՎԱՆ ԱՐՔ. ԶԱՔԱՐԵԱՆ
Ֆրանսական լեզուին մէջ հաւատք բառը (la foi), ունի իր համահնչունը՝ (le foie) այսինքն լեարդը, մեր ֆիզիքական մարմնոյն այն օրկանը, որ տարրալուծարանի պաշտօնը կը վարէ, մաքուր արիւնը զտելով աղտոտէն։ Մաքուրը՝ ղրկելով դէպի սիրտ, իսկ աղտոտը՝ դէպի դուրս։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին բաւական «խառն» իրավիճակ տիրած է Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ… «ոչ-հանգիստ» վիճակ մը կը տիրէր:
Պատճառը կապ ունէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի օրեր առաջ կատարած յայտարարութեան մասին, որու մէջ ան իր հերթական «անկանխատեսելի» վար-մունքով կը յայտնէր, թէ՝ «Ամերիկան իր զօրքերը պիտի քաշէ Սուրիայէն»: