Հարթակ

ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՄԱՐԴԻԿ, ՈՐՈՆՔ ԴՊՐՈՑԷՆ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑԱԾ ԵՆ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մանուկներու եւ պատանիներու համար անշուշտ կենսական է ընկերային, ուսումնական եւ կրթական առումներով դպրոցի մթնոլորտին մէջ մնալը: Սակայն կեանքի զանազան պայմաններ կը պարտադրեն մարդոց՝ դուրս մնալ դպրոցէն:

ԱԿՆԱՐԿ - 11 - ՄԵՆՔ ԶԱՍՏՈՒԱԾ ՉԵՆՔ ՃԱՆՉՆԱՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Աստուծոյ մասին յաճախ կը խօսուի: Ոմանք կ՚ընդունին Անոր գոյութիւնն ու Ստեղծիչ ըլլալու հանգամանքը, ուրիշներ կը մերժեն հաւատալ Անոր գոյութեան, միաժամանակ մերժելով ու ուրանալով Անոր Արարիչ ըլլալը:

ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Սննդատուութեան խնդիրին կարեւորութիւնը: Մանուկներուն մահանումը: Մանկիկին մարսողական գործարաններուն առանջնայատկութիւները: Անոր թուքը, ստամոքսը, աղիքները, կղկղանքը:

ՊԱՊԻ՛Կ, ՔԱՂԱՔԻԴ ԱՆՈՒՆԸ Ի՞ՆՉ Է

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Թոռնիկիս՝ Վանային իր տարեդարձին իբրեւ նուէր, այս տարի խաղալիքի փոխարէն վարդագոյն կողքով յուշատետր մը գնած էի, որուն առաջին իսկ էջին նախ պիտի արձանագրէր իր անունն ու ազգանունը, ծննդեան թուականն ու ծնած քաղաքը եւ ապա ըստ մեր ներքին համաձայնութեան, ամէն երեկոյ քանի մը տող յուշ պիտի գրէր։

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ է տարբերութիւնը ուղիղ ճանապարհով քայլողին եւ անուղիղ ճանապարհով քայլողին միջեւ:
Պատասխան.
Առակագիրը կը գրէ. «Իր ուղղութեանը մէջ քալողը Տիրոջմէ կը վախնայ, բայց ծուռ ճամբայ ունեցողը զԱնիկա կ՚անարգէ» (Առ 14.2):

ԻՄ ԵՒ ՄԵՐ ՏՂՈՑ ԱՐԵՒԵԼՔՆ ՈՒ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ -Ե-

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Յետոյ սկսաւ երիտասարդութիւնը, գիշերային կեանքերը, եւրոպական երկիրներու այցելութիւնները… Եւ հասաւ տեղ մը, ուր ինքզինք դրսեւորեց քաղաքական հանգանակը եւ այն եկաւ բազմելու յաւիտեան մեր մէջ, քանի դեռ Արեւելքի մէջ էինք եւ ինքնաբերաբար առաւել չափով քաղաքականացած կը համարուէինք արեւմուտքցիներէն:

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԵՐԷՆ ԿԱՄ ՔԵՍԱՊԻ ՇՈՒՆՉՈՎ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Շուտով պիտի բոլորենք երկրորդ ամիսը այն ծանր օրէն, երբ աղէտալի երկրաշարժ մը հարուածեց Թուրքիան։ Երկրաշարժին ցնցումները զգալի դարձան մինչեւ Պէյրութ եւ Նիկոսիա, իսկ Սուրիոյ բազում քաղաքներ եւ գիւղեր (որոնց շարքին՝ Հալէպը եւ Քեսապը) անցուցին դժուարին ժամանակներ։

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ստեփան Քըրքեաշարեան. «Բնաւ պէտք չէ զարմանալ, որ Թուրքիա կը պաշտպանէ իր շահերը, որոնք դէպի Արեւելք են, ոչ թէ դէպի Արեւմուտք։ Իր դաշնակիցները Արեւմուտքի մէջ են, իսկ տնտեսական շահերը՝ Արեւելքի մէջ։ Ուրեմն, պէտք է ճանապարհ ունենայ դէպի Արեւելք, ուր կը գտնուի Հայաստան։ Պէտք է բանայ այդ ճամբան՝ եթէ ո՛չ ռազմական, այլ՝ քաղաքական ներկայութեամբ։ Թուրքիա երբեք ռազմական քայլեր առնելու պէտք չունի այդ նպատակին հասնելու համար»:
«Միջին Արեւելքի մէջ Ուաշինկթընի եւ ՆԱԹՕ-ի գործակիցը, ներկայացուցիչը Անգարան է։ Վաղը պայմանները կրնան փոխուիլ, բայց ներկայիս այս է կացութիւնը։ Երեւանն ալ չի կրնար անտեսել այս պարագան»:
«Երկու ծայրայեղութիւններ կան։ Մէկը կ՚ըսէ «մահ կամ ազատութիւն», միւսը՝ «խաղաղութիւն ամէն գնով»։ Այս երկուքին միջեւ պէտք է գտնել միջին, ընդունելի գիծ մը։ Այլ լուծում չեմ տեսներ»:

«ՆԱԽ ՁԵՐ ՍԻՐՏԵՐԸ ՆԵՏԵՑԷՔ...»

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Վերապատուելի Եսայի Սարմազեանն էր։ Կեանք մը՝ որ ապրեցանք եւ մեծցանք միասին, բայց ան նաեւ մեզ մեծցուց։ Այս կեանքի պատմութիւնը կը սկսի Պէյրութ՝ Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ, երբ միջնակարգի աշակերտ էի, 1970 թուականներուն։

ԱՆԱՐԻՒՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հաւանաբար այս տողերը շատերուն համար քիչ մը տափակ «հնութիւններ» թուին:
Բայց անպայման կ՚ուզեմ ըսել, որ թէեւ կ՚ապրինք 21-րդ դարու մէջ, սակայն տակաւին իր քառորդին չհասած, արդէն ան մեզ ազգովին սկսած է կրկին անգամ համտեսել տալ կամ՝ ճանչցնել տառապանքն ու սարսափը, ահն ու մահը, աւերակն ու ջարդը ու նոյնիսկ պատերազմն ու կոտորածը:

Էջեր