ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՆՑԱ՛Ղ ՄԸՆ Է
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հա՛յր… այս է յաւիտենական կեանքը, որ մարդիկ ճանչնան քեզ միակ ճշմարիտ Աստուած եւ Ան զոր Դուն առաքեցիր՝ Յիսուս Քրիստոս». (ՅՈՎՀ. ԺԷ 3)։
Աստուած, անհունօրէն Կատարեալ եւ Երանելի Ինքն Իր մէջ, զուտ բարութեան ծրագրով մը ազատօրէն ստեղծեց մարդը, որպէսզի զայն մասնակից ընէ իր երանաւէտ կեանքին։