ԱՆԿԵՂԾ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ «բարեկամ» բառը տառացիօրէն մեկնել փորձենք, չենք կրնար հասնիլ «բարեկամութեան» իսկական եւ բարձրագոյն իմաստին։ Արդարեւ, «բարեկամ», տառացիօրէն կը նշանակէ «մէկը որ բարի կը կամենայ, կամ բարիք ընել կ՚ուզէ, բարիք կ՚ընէ»։