ԿՐՕՆ ԵՒ ԲՆՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կրօն եւ բնութիւն՝ երկուքն ալ միեւնոյն ծնողին զաւակներն են, Հօր զաւակները, որ հաւատարմութեամբ կը գործադրեն Անոր կամքը եւ քանի որ նո՛յն Հօր որդիներն են, երբեք իրարու չեն հակառակիր։ Արուեստական կերպով, կրօնը եւ բնութիւնը հակադրել՝ նուազագոյն բացատրութեամբ, անխոհեմութիւն է եւ սխա՛լ։